
Սուտանի նախագահ Օմար Հասան Պաշիր յայտնեց, որ իր երկիրը մեծ տէրութիւններու կողմէ տնտեսական եւ քաղաքական շանթաժի կ՛ենթարկուի: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց երկրին մէջ մէկ շաբաթէ ի վեր ընթացող բողոքի ցոյցերուն լոյսին տակ:
Ան ըսաւ, թէ այդ երկիրները կը ջանան ժողովուրդներուն հետեւորդի կարգավիճակ պարտադրել, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնութիւնը մոռնալ, վարչակարգերը ծունկի բերել եւ զանոնք «ժողովուրդներու բնական հարստութիւններուն տիրելու իրենց շահերուն իրագործման ուղղութեամբ մղել»:
Սուտանի տեղեկատուութեան նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ երկրին մէջ մէկ շաբաթէ ի վեր տեղի ունեցող ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած են 19 զոհեր եւ 397 վիրաւորներ, որոնցմէ 219-ը` ապահովական ուժերու անդամներ:
Նախարարը նշեց, որ նշմարուած են 107 զինեալ կազմակերպութիւններ ու շարժումներ, որոնք ցոյցեր կը հրահրեն: «Ընտրութիւնները միակ միջոցն են վարչակարգը փոխելու, եւ պէտք չկայ անկարգութեան», ըսաւ ան:
Նշենք, որ 19 դեկտեմբերին սուտանեան շարք մը քաղաքներու մէջ բողոքի բուռն ցոյցեր ընթացք առին, երբ կառավարութիւնը որոշեց տնտեսական ճահճացումէ տառապող երկրին մէջ հացին գինը եռապատկել:
Ըստ ՄԱԿ-ի 2016-ին հրապարակած զեկուցումին, Սուտանի մէջ սղաճը շուրջ 70 առ հարիւր է, սուտանեան կինէի արժէքը մէկ տոլարին դիմաց պաշտօնապէս 47,5 է, սակայն շուկային մէջ 60 կինէ է: Աւելի՛ն, Սուտանի ժողովուրդին 46 առ հարիւրը աղքատ է:


