Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ի. Դամասկոսի Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումին Թիրախը Հըզպալլայէն Պատուիրակութիւն Մըն Էր

December 27, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ երեքշաբթի գիշեր Դամասկոսի դէմ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին թիրախը Հըզպալլայէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մէկ պատուիրակութիւնն էր, որ Դամասկոս հասած էր երեքշաբթի օր:

Իսրայէլեան օդուժը հարուածած է տասնեակներով թիրախներ, որոնք իրանեան ռազմակայաններ էին կամ Հըզպալլային զէնք փոխադրող կարաւաններ:

Օդուժը քանի մը անգամ թիրախ դարձուցած է նաեւ սուրիական հողերուն վրայ գտնուող իրանցի եւ Հըզպալլայի անդամ անձնաւորութիւններ:

Աղբիւր մը ամերիկեան «Նիուզուիք» պարբերաթերթին յայտնեց, որ իսրայէլեան յարձակումներուն թիրախը Հըզպալլայէն շարք մը ղեկավարներ էին, որոնք Իրան ուղղուող օդանաւ մը բարձրացած էին:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են Դամասկոսի արեւմտեան գիւղական շրջաններուն վերեւ թշնամական թիրախի մը: Լրատու գործակալութիւնը նշեց, որ յարձակումը կատարուած է լիբանանեան օդային տարածքէն, եւ թշնամական շարք մը թիրախներ ոչնչացուած են:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ իրենց կարգին հաղորդեցին, որ իսրայէլեան օդային պաշտպանութեան համակարգերը արձակած են հրթիռ մը Խուտէյրա շրջանին մէջ` վնասազերծելու համար Սուրիայէն արձակուած հրթիռ մը:

Զինուորական աղբիւր մը ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը յաջողած են ոչնչացնել լիբանանեան օդային տարածքէն արձակուած հրթիռներուն մեծամասնութիւնը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշինքով իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը արձակուած 16 իսրայէլեան հրթիռներէն 14-ը վնասազերծած են: Ան նշեց, որ այդ յարձակումը քաղաքային 2 թռիչքներ վտանգած է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ երեքշաբթի օրուան յարձակումին ընթացքին, Իսրայէլ խախտած է Սուրիոյ գերիշխանութիւնը: Նախարարութիւնը յատուկ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ իրենք շատ մտահոգ են օդուժի հարուածներէն եւ անոնց իրագործման ձեւէն:

 

Նախորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ

Յաջորդը

«Թրամփ Ընդունեց Թուրքիա Այցելելու Էրտողանի Հրաւէրը» Կ՛ըսէ Քալըն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.