Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրաք կատարած անակնկալ այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներ այլեւս չեն կրնար համաշխարհային ոստիկան ըլլալ: Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրզ յայտնեց, որ Թրամփ «Ս.Ծնունդի ուշ գիշերին այցելեց Իրաք եւ հանդիպում ունեցաւ ամերիկացի զինուորներուն հետ»:
«Միացեալ Նահանգներ այլեւս չեն կրնար համաշխարհային ոստիկան ըլլալ: Անարդար է, որ ամբողջ բեռը մեր ուսերուն ըլլայ: Մենք տարածուած ենք ամբողջ աշխարհի վրայ, զինուորական ներկայութիւն ունինք այնպիսի երկիրներու մէջ, որոնց մասին մարդոց մեծամասնութիւնը նոյնիսկ չէ լսած: Անկեղծօրէն` ատիկա ծիծաղելի է», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ, որ վերջերս յայտարարեց Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացման մասին, յայտնած է, որ ամերիկացիները չեն պատրաստուիր Իրաքէն հեռանալու: «Իրաքը կրնանք իբրեւ ռազմակայան օգտագործել, եթէ ուզենք Սուրիոյ մէջ բան մը ընել», նշեց ան:
Նախագահը իր կնոջ` Մելանիա Թրամփի հետ չորեքշաբթի գիշեր անակնկալ այցելութիւն տուած էր Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատէն արեւմուտք տեղակայուած Այն Ասատ ռազմակայանին եւ շուրջ 20 վայրկեան զրուցած ամերիկացի զինուորներու հետ: Նշենք, որ Իրաքի մէջ շուրջ 5000 ամերիկացի զինուոր կայ:
Թրամփ նաեւ հանդիպած էր Իրաքի մէջ իր երկրի դեսպանին հետ:
Իրաքի վարչապետ Ատել Ապտելմահտիի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ամերիկեան իշխանութիւնները նախօրօք Պաղտատը տեղեակ պահած են Թրամփի այցելութենէն, եւ անոր ու վարչապետին միջեւ հանդիպումը ջնջուած է` «ատոր կայացման ձեւին շուրջ տարակարծութեան պատճառով»: Գրասենեակը աւելցուց, որ Թրամփ Իրաքի վարչապետը հրաւիրած է Ուաշինկթըն:
Սպիտակ տան բանբերը իր կարգին նշեց, որ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Իրաքի վարչապետին հետ եւ զինք հրաւիրած Ուաշինկթըն, իսկ վերջինս ընդունած է հրաւէրը:
Սանտըրզ աւելցուց, որ Թրամփ Իրաքի վարչապետին հետ չէ կրցած հանդիպում ունենալ, «որովհետեւ այցելութիւնը, ատոր ապահովական միջոցառումներուն կողքին, արագ պատրաստուեցաւ»:
Միւս կողմէ, իրաքեան Նուժապա շարժումի բանբեր սէյիտ Հաշեմ Մուսաուի յայտնեց, որ Թրամփ պէտք է գիտակցի, թէ Իրաքի գերիշխանութիւնը արիւնով կերտուած է, եւ դիմադրութեան ու նահատակներու երկրին մէջ ռազմակայաններ չեն կառուցուիր: Ան ըսաւ, թէ իրաքեան կառավարութիւնը պէտք է «վտարէ ամերիկեան ուժերը, որովհետեւ անոնց ներկայութիւնը կ՛ոտնահարէ երկրին գերիշխանութիւնը»` աւելցնելով.«Պիտի չարտօնենք, որ Իրաքը դրացի երկիրներուն սպառնալու ռազմակայան ըլլայ»:
Իրաքի Հըզպալլայի բանբեր Ժաաֆար Հիւսէյնի յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերու Իրաքէն հեռացման որոշումը կը պատկանի Իրաքի ժողովուրդին ու խորհրդարանին: «Դիմադրութիւնը Միացեալ Նահանգներուն պիտի ստիպէ իրենց ուժերը հեռացնել Իրաքէն», ըսաւ ան:
Հիւսէյնի յայտարարեց, որ իրաքեան դիմադրութեան ղեկավարները «սպառնացած են կտրել այն ձեռքը, որ կը բարձրացուի դրացի երկիրներուն, որոնց շարքին` Սուրիոյ վրայ»:



