Միջազգային

Մաթիս Եւ Թրամփ Ստորագրած Են  Ամերիկեան Ուժերը Սուրիայէն  Հեռացնելու Որոշումը

Մաթիս Եւ Թրամփ Ստորագրած Են Ամերիկեան Ուժերը Սուրիայէն Հեռացնելու Որոշումը

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն հեռացող Ճէյմս Մաթիս ստորագրած է ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու մասին հրամանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը: Փենթակոնի մամլոյ քարտուղարը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է լուրը` նշելով, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս ստորագրած է հրամանագիրը: Նախապէս Սպիտակ տան աշխատակազմի ղեկավարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Միք Մալվինին «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի...

Բրիտանիոյ Վարչապետը Երախտագիտութիւն  Կը Յայտնէ Բրիտանական Բանակին` Երկիրը  Ռուսիոյ Ներխուժումէն Պաշտպանելուն Համար

Բրիտանիոյ Վարչապետը Երախտագիտութիւն Կը Յայտնէ Բրիտանական Բանակին` Երկիրը Ռուսիոյ Ներխուժումէն Պաշտպանելուն Համար

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ Ս. Ծննդեան ուղերձ մը յղած է բրիտանացի զինուորներուն եւ անոնց շնորհակալութիւն յայտնած երկիրը Ռուսիոյ ներխուժումէն պաշտպանելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Սան» օրաթերթը: Մէյ նշած է զինուորներու դերը Սալզպըրիի մէջ Սքրիփալներու ընտանիքի թունաւորման հետեւանքներուն ջնջման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատած Բրիտանիոյ տարածքային եւ օդային սահմանները Ռուսիոյ ներխուժումէն պաշտպանելու աշխատանքը: Բացի ատկէ, Բրիտանիոյ վարչապետը...

«Ռուսիան Գործիք Պիտի Չդառնայ Միացեալ  Նահանգներու Շահերու Սպասարկման Համար»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Գործիք Պիտի Չդառնայ Միացեալ Նահանգներու Շահերու Սպասարկման Համար» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ուաշինկթըն պիտի չյաջողի Ռուսիան Միացեալ Նահանգներու շահերու սպասարկման գործիք դարձնել: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Նախարարը նշած է, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն մէջ գլխաւոր խնդիրը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ երբեք այդ յարաբերութիւնները չեն դիտած իբրեւ ինքնին կարեւոր: Անոր համաձայն, Ռուսիան ամերիկեան քաղաքական վերնախաւին համար նիւթ...

Նեթանիահու Խոստացած Է Անհրաժեշտութեան  Պարագային Աշխուժացնել Սուրիոյ Մէջ  Իրանի Դէմ Գործողութիւնները

Նեթանիահու Խոստացած Է Անհրաժեշտութեան Պարագային Աշխուժացնել Սուրիոյ Մէջ Իրանի Դէմ Գործողութիւնները

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարած է, թէ պատրաստ է աշխուժացնելու Սուրիոյ մէջ իրանեան ուժերու ներկայութեան դէմ պայքարը: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ան յայտարարած է Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի ժողովին ընթացքին: «Մենք պիտի շարունակենք դէմ դնել Սուրիոյ մէջ զինուորական ներկայութիւն հաստատելու Իրանի փորձերուն: Իսկ եթէ պահանջուի, պիտի ընդլայնենք այդտեղ մեր գործողութիւնները», յայտարարած է ան: Նեթանիահու վստահեցուցած է,...

«Թուրքիոյ Կացութիւնը Անոր Կարողութիւնը  Կու Տայ Կառավարելու Միջին Արեւելքի Շրջանը»  Կ՛ըսէ Քըլըճտարօղլու

«Թուրքիոյ Կացութիւնը Անոր Կարողութիւնը Կու Տայ Կառավարելու Միջին Արեւելքի Շրջանը» Կ՛ըսէ Քըլըճտարօղլու

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու յայտարարեց. «Թուրքիան կը գտնուի կացութեան մը մէջ, որ անոր կարողութիւնը կու տայ ամբողջ Միջին Արեւելքի շրջանը կառավարելու»: «Թուրքիան այն երկիրն է, որ Միջին Արեւելքին խաղաղութիւն պիտի բերէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը պիտի չհաստատուի Ամերիկայի կամ Ռուսիոյ ձեռամբ, այլ` Թուրքիոյ: Ան միակ երկիրն է, որ կարողութիւնը ունի այդտեղի արիւնահեղութեան վերջ...

Ինտոնեզիան Հարուածած Ծովաշարժի  Զոհերու Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Ինտոնեզիան Հարուածած Ծովաշարժի Զոհերու Թիւը Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Ինտոնեզիոյ մէջ արձանագրուած ծովաշարժի զոհերուն թիւը հասած է 168-ի: Ներկայ տուեալներով կան 745 վիրաւորներ, եւ 30 մարդու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն»: Ինտոնեզիոյ բնական աղէտներու կառավարման ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Սութափօ Փուրվօ Նուկրոհոյի համաձայն, զոհերու թիւը, հաւանաբար, պիտի շարունակէ բարձրանալ, որովհետեւ փրկարարները տակաւին աղէտէն վնասուած բոլոր շրջանները չեն հասած: Աղէտէն ամէնէն շատ վնասուած է Ճաւա կղզիի...

Մաքրոն Կը Սպառնայ «Դեղին Բաճկոններ»-ու  Ցոյցերուն Ընթացքին Անկարգութիւններ  Հրահրած Անձերուն Դէմ Կարծր Քայլերու Ձեռնարկել

Մաքրոն Կը Սպառնայ «Դեղին Բաճկոններ»-ու Ցոյցերուն Ընթացքին Անկարգութիւններ Հրահրած Անձերուն Դէմ Կարծր Քայլերու Ձեռնարկել

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, թէ երկրին իշխանութիւնները կարծր քայլերու պիտի ձեռնարկեն այն անձերուն դէմ, որոնք «դեղին բաճկոններ»-ու ցոյցերուն ընթացքին անկարգութիւններ հրահրած են: Այդ մասին ան յայտարարած է «Պէ.Էֆ.Էմ.» պատկերասփիւռի կայանին` Չատ իր այցելութեան ընթացքին: «Ես ամբողջ օրուան ընթացքին ուշադիր հետեւած եմ երկրին մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն, այդ մասին ինծի զեկուցած է ներքին գործոց նախարարը: Ամբողջովին յստակ է, որ Ֆրանսայի...

Ապպաս Լուծարեց Պաղեստինեան Խորհրդարանը

Ապպաս Լուծարեց Պաղեստինեան Խորհրդարանը

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտարարեց, որ պաղեստինեան իշխանութիւնը սկսած է գործադրել Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) կեդրոնական եւ ազգային կոմիտէներու որոշումները, որոնց գլխաւորը Իսրայէլի հետ համաձայնագիրները վերատեսութեան ենթարկելն է: Ան աւելցուց, որ Սահմանադրական դատարանը հրապարակած է խորհրդարանը լուծարելու եւ վեց ամսուան ընթացքին ընտրութիւններ հրաւիրելու վճիռ մը: «Պիտի յարգենք սահմանադրական դատարանի որոշումը», նշեց ան: Ապպաս Ռամալլայի մէջ պաղեստինեան իշխանութեան ժողովի ընթացքին...

Թրամփը Ամերիկեան Ուժերը  Սուրիայէն Չհեռացնել  Համոզելու Առումով Ձախողելէն Ետք.  Միացեալ Նահանգներու  Պաշտպանութեան Նախարարը Հրաժարեցաւ

Թրամփը Ամերիկեան Ուժերը Սուրիայէն Չհեռացնել Համոզելու Առումով Ձախողելէն Ետք. Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան Նախարարը Հրաժարեցաւ

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտարարեց, որ իր պաշտօնէն կը հրաժարի, որպէսզի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կարենայ այդ պաշտօնին նշանակել պաշտպանութեան նախարար մը, որուն մօտեցումները իր տեսակէտներուն մօտիկ են: Փենթակոնի ղեկավարը ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներ կարիքը ունին պահպանելու ուժեղ դաշինքներ եւ յարգելու իրենց դաշնակիցները: Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Մաթիս իր հրաժարականը ներկայացուցած է ժողովի մը ընթացքին...

«Մոսկուա Տակաւին Չի Հասկնար, Թէ Ամերիկեան  Ուժերը Սուրիայէն Ե՞րբ, Ինչպէ՞ս  Եւ Դէպի Ո՞ւր Պիտի Հեռանան»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Մոսկուա Տակաւին Չի Հասկնար, Թէ Ամերիկեան Ուժերը Սուրիայէն Ե՞րբ, Ինչպէ՞ս Եւ Դէպի Ո՞ւր Պիտի Հեռանան» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Մոսկուա տակաւին չի հասկնար, թէ ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ դէպի ո՞ւր պիտի հեռանան»: Ան նաեւ հարց տուաւ, թէ սուրիական հողերէն ամերիկեան ուժերու հեռացումին «յաջորդ փուլը» ի՞նչ կը նշանակէ: «Պէտք է հասկնանք յաջորդ փուլին իմաստը, այդ եւս մինչեւ հիմա ոչ ոք գիտէ», նշեց ան` աւելցնելով. «Ռուսիան կը նկատուի իրենց երկիրը միջազգային ահաբեկչութենէն ազատագրելու...

Անգարայի Մէջ Էրտողան-Ռուհանի Հանդիպում

Անգարայի Մէջ Էրտողան-Ռուհանի Հանդիպում

«Պիտի Շարունակենք Տարածաշրջանին Մէջ Խաղաղութեան Եւ Անվտանգութեան Համար Գործակցութիւնը» Կ՛ըսէ Ռուհանի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ Անգարայի մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման համար լաւ ենթահող ապահովուած է` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը շարունակէ Իրանի հետ յարաբերութիւնները խորացնել: Ռուհանի իր կարգին յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած...

Թրամփ. «Ժամանակն Է, Որ Միջին Արեւելքի Մէջ  Ուրիշներ Կռուին ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ»

Թրամփ. «Ժամանակն Է, Որ Միջին Արեւելքի Մէջ Ուրիշներ Կռուին ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ»

Զինուորական Սարքերով Բեռնաւորուած Ամերիկեան Բեռնակառքեր Կը Հեռանան Մընպեժի Շրջանէն Քրտական աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ամերիկեան ուժերը հեռացած են Մընպեժի արեւելքը գտնուող Շույուխ ու Թել Ապիատ քաղաքի մօտ գտնուող Աշեք գիւղերէն եւ ուղղուած Ռաքքայի Այն Իսա քաղաքին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայան: Աղբիւրը աւելցուց, որ ֆրանսական ուժերը հեռացած են Մընպեժէն եւ Այն Իսայէն, մինչ թրքական պատերազմական օդանաւեր աշխուժ...

Սուտանի Մէջ Ցուցարարները  Կը Մօտենան Նախագահական Պալատին

Սուտանի Մէջ Ցուցարարները Կը Մօտենան Նախագահական Պալատին

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերը մօտեցած են նախագահական պալատին եւ կը գտնուին անկէ 1 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Ականատեսներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ աւելի քան 500 ցուցարարներ մօտեցած են նախագահական պալատին, իսկ ոստիկանութիւնը անոնց դէմ արցունքաբեր կազ կիրարկած է: Սուտանի դրօշը բարձրացուցած ցուցարարները կը բացագանչէին վարչակարգին տապալումը պահանջող կարգախօսներ: Արեւելեան Սուտանի Քասարիֆ քաղաքին...

Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումը` 60-100 Օրէն.  Ուաշինկթըն. «ՏԱՀԵՇ Պարտուեցաւ,  Սկսանք Մեր Ուժերը Հեռացնել Սուրիայէն»

Ամերիկեան Ուժերու Հեռացումը` 60-100 Օրէն. Ուաշինկթըն. «ՏԱՀԵՇ Պարտուեցաւ, Սկսանք Մեր Ուժերը Հեռացնել Սուրիայէն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց, որ «ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարը ամերիկեան ուժերուն Սուրիա մնալուն միակ նպատակն էր»` աւելցնելով, որ Ամերիկան Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պարտութեամբ իր նպատակը իրագործած է: Ամերիկացի պաշտօնատար մը խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաները 24 ժամուան մէջ հեռացնելու մասին: Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրզ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ  Թուրքիոյ «Փաթրիոթ»-ներ Վաճառելուն

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Թուրքիոյ «Փաթրիոթ»-ներ Վաճառելուն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ` ամերիկեան «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր վաճառելու առաջարկին: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը: Թուրքիոյ իշխանութիւնները տասը տարի շարունակ Միացեալ Նահանգներէն արտօնութիւն կը խնդրէին այդպիսի չորս համակարգ գնելու համար: Այժմ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանութիւն տուած է 3,5 միլիառ տոլար արժողութեամբ գործարքին: Ամերիկեան իշխանութիւնները նշած են, որ այս համակարգերը...

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ  Հանդիպում` Քոսովոյի  Եւ Սերպիոյ Ղեկավարներուն Միջեւ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ Հանդիպում` Քոսովոյի Եւ Սերպիոյ Ղեկավարներուն Միջեւ

Քոսովոյի խորհրդարանին կողմէ զինեալ ուժերը լիարժէք բանակ դարձնելու որոշումի որդեգրումէն քանի մը օր ետք, Քոսովոյի եւ Սերպիոյ նախագահները հանդիպում ունեցած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Քոսովոյի խորհրդարանի քայլը դժգոհութիւն յառաջացուցած է Քոսովոյի սերպերուն մօտ, ինչպէս նաեւ Պելկրատի մէջ, ՕԹԱՆ-էն ալ զգուշացում կատարուած է այդ գծով: Քոսովոյի նախագահ Հաշիմ Թաչի օրեր առաջ յայտարարած է,...

Ուաշինկթըն Չի Ձգտիր Ասատը  Իշխանութենէն Հեռացնել

Ուաշինկթըն Չի Ձգտիր Ասատը Իշխանութենէն Հեռացնել

Ճեֆրի Կը Զգուշացնէ Թուրքիան Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Գործողութիւն Շղթայազերծելէ Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի յայտարարեց, թէ իր երկիրը «չի ձգտիր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնել, սակայն նոյն ատեն Սուրիոյ վերաշինութիւնը պիտի չֆինանսաւորէ, եթէ վարչակարգը խորքային փոփոխութեան չենթարկուի»: Ան յայտնեց, որ Սուրիոյ վերաշինութիւնը պիտի կարօտի 300-400 միլիառ տոլարի: Անոր կարծիքով` Արեւմուտքն ու միջազգային կառոյցները ելեւմտական օժանդակութիւն...

Թրամփ Էրտողանին Չէ Խոստացած  Կիւլենը Արտայանձնել Թուրքիոյ

Թրամփ Էրտողանին Չէ Խոստացած Կիւլենը Արտայանձնել Թուրքիոյ

Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ իր ժողովի ընթացքին չխոստացաւ Միացեալ Նահանգներ բնակող կրօնաւոր Ֆեթհուլլա Կիւլենը արտայանձնել Թուրքիոյ»: «Նախագահը Արժանթինի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ Էրտողանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին չխոստացաւ Ֆեթհուլլա Կիւլենը արտայանձնել», ընդգծած է պաշտօնատարը: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու...

Հունգարիոյ Մէջ Բողոքի Լայնածաւալ Ցոյցեր

Հունգարիոյ Մէջ Բողոքի Լայնածաւալ Ցոյցեր

Հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի ցոյցեր կը կատարեն Հունգարիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին մօտ եւ կը պահանջեն աջակողմեան վարչապետ Վիքթոր Օրպանի կառավարութեան հրաժարականը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ցուցարարները կը վանկարկեն «Մենք պիտի չհեռանանք» եւ «Անոնք տիւ ու գիշեր կը խաբեն» կարգախօսները, որոնք հասցէագրուած են պատկերասփիւռի կայանին: Պետական պատկերասփիւռի կայանի անվտանգութեան ծառայութիւնը երկուշաբթի օր ուժի դիմելով շէնքէն հեռացուցած է Հունգարիոյ խորհրդարանի...

Եւրոպական Միութիւնը Անկարելի Կը Նկատէ  «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Բրիտանիոյ Հետ  Նոր Բանակցութիւնները

Եւրոպական Միութիւնը Անկարելի Կը Նկատէ «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Բրիտանիոյ Հետ Նոր Բանակցութիւնները

Եւրոպական Միութիւնը անկարելի կը նկատէ «Պրեքզիթ»-ի շուրջ Լոնտոնի հետ նոր բանակցութիւնները, սակայն Պրիւքսելի մէջ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն առաւելագոյնս սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու Բրիտանիոյ հետ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն անմիջապէս ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Եւրոպական Միութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ բաց է հետագայ բանակցութիւններու համար` Իրլանտայի սահմանին հարցով, որ բրիտանական քաղաքական շրջանակներուն մէջ սուր վիճաբանութիւններու պատճառ դարձած է:...

Page 557 of 884 1 … 556 557 558 … 884

Արխիւներ