Ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան ուժերը Հմէյմիմ ռազմակայանին մօտ ոչնչացուցած են թշնամական թիրախներ, որոնք անօդաչու թռչող սարքեր էին:
Սուրիական «Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին նշեց, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան ուժերը Լաթաքիոյ նահանգի Ժապլէի գիւղական շրջանին վերեւ վնասազերծած են երեք թիրախներ, նախքան որ անոնք հասնին իրենց թիրախներուն` աւելցնելով, որ մարդկային կամ նիւթական վնասներ չեն արձանագրուած:



