Միացեալ Նահանգներու մէջ Վենեզուելայի դեսպանատան զինուորական կցորդ, գնդապետ Խոսէ Սիլվա անցած է ընդդիմութեան ղեկավարին կողմը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ան տեսաուղերձով պաշտպանած է Խուան Կուայտոն եւ երկրի զինեալ ուժերուն կոչ ուղղած` զէնք չբարձրացնելու ժողովուրդին դէմ:
Սիլվա Միքոլաս Մատուրոն պատասխանատու նկատած է մարդոց սպանութիւններուն եւ առեւանգումներուն համար:
Ան ըսած է, թէ Մատուրոն չի ճանչնար իբրեւ նախագահ` գտնելով, որ միակ լուծումը խորհրդարանին կողմէ Խուան Կուայտոյի երկրի ժամանակաւոր նախագահ հռչակուիլն է:
Միւս կողմէ, նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը շաբաթ օր Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ արտակարգ նիստ մը գումարելով` քննարկեց Վենեզուելայի կացութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ աշխարհի երկիրներուն կոչ ուղղեց Խուան Կուայտոն ճանչնալու իբրեւ Վենեզուելայի ժամանակաւոր նախագահ:
«Այլեւս ոչ մէկ յետաձգում, ոչ մէկ խաղ, կա՛մ դուք կը կանգնիք ազատութեան ուժերուն կողքին, կա՛մ Մատուրոյի եւ անոր բռնութիւններու քաոսին հետ էք», ըսաւ ան:
Փոմփէօ Մատուրոյի կառավարութիւնը բնութագրեց իբրեւ «անօրինական մաֆիական» իշխանութիւն` ըսելով. «Անոր ընկերվարական փորձարկումները յանգեցուցած են տնտեսութեան փլուզման եւ մարդոց խոր աղքատացման»:
Ան քննադատած է Մատուրոյի վարչակարգը պաշտպանող երկիրները, մասնաւորաբար Ռուսիան եւ Չինաստանը` ըսելով. «Զարմանալի չէ, որ սեփական տան մէջ ժողովրդավարութիւն չունեցող երկիրները չեն պաշտպաներ Վենեզուելայի ժողովրդավարութիւնը»:
ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նեպեզնիա իր կարգին Միացեալ Նահանգները մեղադրեց Վենեզուելայի մէջ յեղաշրջման փորձը պաշտպանելու յանցանքով: «Վենեզուելան միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար սպառնալիք չէ, ուստի կարելի չէ (ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին համար) օրակարգային հարց դարձնել», ըսաւ ան:
Եւրոպական Միութեան մեծ երկիրներու ներկայացուցիչները յայտնած են, որ ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտոն պիտի ճանչնան իբրեւ ժամանակաւոր նախագահ, եթէ շատ մօտիկ ապագային` 8 օրէն ընտրութիւններ տեղի չունենան:
Ռուսիոյ դեսպանը այդ պահանջը անհեթեթ նկատեց` ըսելով, թէ ատիկա Վենեզուելայի ճգնաժամը լուծելու ուղի չէ:
Շարք մը երկիրներ, ներառեալ Ռուսիան, Իրանը, Թուրքիան, Քուպան, Նիքարակուան, Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան կը պաշտպանեն Մատուրոն: Իսկ Կուայտոն կը պաշտպանեն Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Պրազիլը, Արժանթինը, Քոլոմպիան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան ազդեցիկ երկիրները:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց, որ իր երկիրը Խուան Կուայտոն կը ճանչնայ իբրեւ Վենեզուելայի ժամանակաւոր նախագահ:
Մինչ այդ, Մատուրօ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին մերժեց ընտրութիւններ կատարելու առաջարկը, միաժամանակ երկխօսութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց:
Ան ըսաւ, թէ պատրաստ է երկխօսութեան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի հետ հանդիպումը «անհաւանական է», սակայն ոչ` անկարելի»:
Մատուրօ նաեւ ըսաւ, թէ ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտոն ինքզինք ժամանակաւոր նախագահ հռչակելով խախտեց երկրին սահմանադրութիւնը:
Ֆրանչիսկոս պապը երէկ կոչ ուղղեց` Վենեզուելայի ճգնաժամին «արդար եւ խաղաղ լուծում» մը գտնելու: