Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանի` Ատանայի Համաձայնագիրին Վերաբերող Ակնարկութենէն Ետք. Դամասկոս. «Թրքական Վարչակարգը Կը Խախտէ Ատանայի Համաձայնագիրը»

January 28, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ 1998-ին կնքուած Ատանայի համաձայնագիրը տակաւին կը մնայ ուժի մէջ:

Ան Այնթապ նահանգին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Թուրքիան վճռած է շրջանը փրկել մեծ աղէտէ մը` մէկ կողմէ գործակցելով Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ, իսկ միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներու հետ:

«Եփրատի վահան» եւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններով ցոյց տուինք, որ եթէ պէտք ըլլայ, զինուորական որեւէ քայլ առնելէ պիտի չտատամսինք: Մեծ մասամբ ամբողջացուցինք մեր զինեալ ուժերուն պատրաստութիւնները` զանոնք անհրաժեշտութեան պարագային օգտագործելու համար: Կը սպասենք տակաւին շարունակուող քաղաքական ու դիւանագիտական հոլովոյթի արդիւնքներուն»:

«Ինչպէս գիտէք, երկու օր առաջ Մոսկուա կը գտնուէի: Ժողովները ամբողջացուցինք: Միւս կողմէ, ամերիկեան դաշինքին ու մեր միջեւ դիւանագիտութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է: Պիտի պահպանենք այս հոլովոյթը աշխուժ կշռոյթով: Եթէ յաջողի, զայն կը կիրարկենք, իսկ եթէ ոչ` ապա գիշեր մը անակնկալ կերպով պիտի շարժինք: Մեզի գին վճարեցնել սպառնացողներուն ըսինք, որ ամէն գնով զայն պիտի վճարենք, սակայն մեր ազատութեան եւ ապագային վերաբերեալ որեւէ զիջում պիտի չկատարենք», ըսաւ Էրտողան:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնեց, թէ Թուրքիոյ հետ Ատանայի համաձայնագիրը վերստին կը սկսի գործադրուիլ, երբ երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններուն վրայ կացութիւնը կը վերադառնայ իր բնական վիճակին, եւ Անգարա կը դադրի ահաբեկիչներուն աջակցելէ եւ իր ուժերը կը հեռացնէ իր բռնագրաւած շրջաններէն:

Աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Դամասկոս յանձնառու կը մնայ Ատանայի համաձայնագիրին եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առնչուող համաձայնագիրներուն` աւելցնելով, որ թրքական վարչակարգը կը խախտէր ու կը շարունակէ խախտել համաձայնագիրը` աջակցելով, ֆինանսաւորելով եւ մարզելով ահաբեկչութիւնը, կը դիւրացնէ անոր մուտքը Սուրիա կամ սուրիական հողեր կը բռնագրաւէ:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին երէկ յայտնեց. «Սուրիական հողերուն մէջ 1998-ին Դամասկոսի հետ կնքուած Ատանայի համաձայնագիրին հիմամբ թրքական զինուորական գործողութիւնները պէտք չէ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ անջատ շրջանային գոյացութիւններու ստեղծման առաջնորդեն եւ ոտնահարեն Սուրիոյ միութիւնը»:

«Այդ գործողութիւնները պէտք է խստօրէն յարգեն Սուրիոյ մէջ ազգային հողի անվտանգութիւնն ու միութիւնը», աւելցուց ան:

Նշենք, որ Էրտողան ուրբաթ օր Էրզրումի մէջ յայտարարած էր. «Թուրքիան պատրաստ է սեփական ուժերով Սուրիոյ մէջ անվտանգութեան գօտի ստեղծելու»:

«Այդ գօտին պէտք է ոչ թէ ահաբեկիչները պաշտպանէ, այլ` կանխարգիլէ Սուրիոյ տարածքէն սպառնալիքները», աւելցուցած էր Թուրքիոյ նախագահը:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Վենեզուելայի Զինուորական Կցորդը Միացած Է Կուայտոյին

Յաջորդը

Սուրիական Օդային Պաշտպանութեան Ուժերը Հմէյմիմ Ռազմակայանին Մօտ «Թշնամական Թիրախներ» Ոչնչացուցած Են

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.