Ռիապքով. «Ռուսիան Սուրիոյ Մէջ
Իրանի Դաշնակիցը Չէ»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլի անվտանգութիւնը շրջանին մէջ Մոսկուայի առաջնահերթութիւններէն մէկն է, եւ իսրայէլացիները, իրանցիները, սուրիացիներն ու թուրքերը ատիկա գիտեն»:
«Ռուսիան Սուրիոյ մէջ Իրանի դաշնակիցը չէ, այլ երկու կողմերը միասնաբար կը գործեն Սուրիոյ շուրջ Ասթանայի բանակցութիւններու ծիրին մէջ», շեշտեց ան:
«Ռուսիան Իրանի հակաիսրայէլեան օրակարգին համաձայն չէ», նշեց Ռիապքով, սակայն միեւնոյն ժամանակ քննադատեց Իսրայէլը իրանեան դիրքեր հարուածելու փորձով Սուրիոյ դէմ գործած անոր յարձակումներուն համար:
Միւս կողմէ, Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Հիշմեթալլա Ֆլահեթպիշէ յայտնեց. «Ռուսիոյ նկատմամբ լուրջ քննադատութիւն կայ, որովհետեւ «Էս-300» (օդային պաշտպանութեան) համակարգերը կ՛անջատէ, երբ Իսրայէլ Սուրիոյ դէմ յարձակումներ կը գործէ»:
«Եթէ ռուսական «Էս-300» համակարգերը ճիշդ ձեւով գործէին, Իսրայէլ պիտի չկարենար Սուրիոյ դէմ իր յարձակումները դիւրութեամբ գործել», նշեց ան:
«Կը թուի, թէ իսրայէլեան յարձակումներուն եւ Սուրիոյ մէջ տեղակայուած ռուսական օդային պաշտպանութեան միջեւ համակարգում մը գոյութիւն ունի», ընդգծեց իրանցի պաշտօնատարը:



