Թրամփ. «Միջազգային Դաշինքը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Տահեշ-Ի Զսպումը Պիտի Յայտարարէ»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Միջազգային դաշինքը յառաջիկայ շաբաթ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի 100 առ հարիւրով զսպումը պիտի յայտարարէ: Թրամփ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ երէկ գումարուած նախարարական հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ «հաւանական է, որ ՏԱՀԵՇ-ի 100 առ հարիւրով քանդումին մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակուի»` աւելցնելով. «ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարութիւնը բարձրագոյն մակարդակի ղեկավարութեան մէջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ»:...




















