Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին Կը Զգուշացնէ Վենեզուելայի Մէջ Ամերիկեան Զինուորական Միջամտութեան Մը Շատ Ժխտական Հետեւանքներէն

January 30, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլին յայտարարեց, թէ Վենեզուելայի քարիւղի ազգային ընկերութեան դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները ապօրինի են` աւելցնելով, որ Ռուսիան Վենեզուելայի քարիւղի ընկերութեան դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն պատճառով իրեն կրելիք վնասներուն գնահատականը կը կատարէ:

Քրեմլին նաեւ զգուշացուց Վենեզուելայի մէջ ամերիկեան զինուորական միջամտութեան մը շատ ժխտական հետեւանքներէն:

«Չզարմացանք հաղորդակցութենէն` Թրամփի եւ ընդդիմութեան ղեկավար Խուան Կուայտոյի միջեւ, որ ինքզինք Վենեզուելայի նախագահ հռչակելէ առաջ Ուաշինկթընի հետ կապի մէջ էր», նշեց Քրեմլին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց Վենեզուելայի նկատմամբ վարմունքին մէջ միջազգային օրէնքը խախտելու եւ այդտեղ տիրող կացութիւնը հանդարտեցնելու միջազգային ջանքերը խանգարելու մէջ:

«Վենեզուելայի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները ապօրինի են եւ անօրինական», նշեց ան` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընն ու անոր դաշնակիցները իրականութեան մէջ կը փորձեն Վենեզուելայի դրամները գրաւել:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Վենեզուելայի քարիւղի ընկերութեան դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները կրնան տոլարին նկատմամբ վստահութեան վնասել եւ Վենեզուելայի մէջ կացութիւնը վատթարացնել:

«Նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյին աջակցելու անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պիտի որդեգրենք», ըսաւ Լաւրով:

Միւս կողմէ, «Ուաշինկթըն Փոսթ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճոն Պոլթըն Սպիտակ տան մէջ Վենեզուելայի դէմ պատժամիջոցները յայտարարելու մամլոյ ասուլիսի ընթացքին իր առջեւ ունէր դեղին թուղթ մը, որուն վրայ գրուած էր երկու նախադասութիւն` «Աֆղանիստան, ողջո՛յն (Թալեպան շարժումի հետ) բանակցութիւններուն» եւ «5 հազար զինուորներ դէպի Քոլոմպիա»:

 

 

Նախորդը

«Իրան Չի Ծրագրեր Իր Հրթիռներուն Հասողութիւնը Մեծցնել» Կ՛ըսէ Շամխանի

Յաջորդը

«Մենք Գրեթէ Կանգնած Ենք ՕԹԱՆ-ի Դռներուն Մօտ, Որոնք Պէտք Է Բացուին» Կ՛ըսէ Վրաստանի Նախագահը

RelatedPosts

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
Այզենքոթ Համախոհական Կառավարութեան  Կազմութեան 4 Սկզբունքներ Կը Ճշդէ. Արաբական  Կուսակցութիւնները Առաջին Ընդառաջողները Դարձան
Միջազգային

Այզենքոթ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան 4 Սկզբունքներ Կը Ճշդէ. Արաբական Կուսակցութիւնները Առաջին Ընդառաջողները Դարձան

November 2, 2026
Թուսք Ռուսիան Կը Մեղադրէ  Իր Հակառակորդներուն Աջակցելու Յանցանքով
Միջազգային

Թուսք Ռուսիան Կը Մեղադրէ Իր Հակառակորդներուն Աջակցելու Յանցանքով

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.