Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Կը Մերժէ Եւրոպական Միութեան «Անհիմն Ու Ոչ Շինիչ» Ամբաստանութիւնները

February 6, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը զարմանք արտայայտեց Իրանին ուղղուած Եւրոպայի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրելու կամ գործադրելու մեղադրանքներուն համար` նշելով, որ այդպիսի ամբաստանութիւններ կատարելը կը ծառայէ միայն Թեհրանի եւ Եւրոպայի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն ստեղծել ուզողներու նպատակին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Թեհրան ահաբեկչական յարձակումներուն մեծագոյն զոհերէն մէկն է եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարի ռահվիրան»:

Նշենք, որ Եւրոպական Միութիւնը հրապարակած էր Իրանի դէմ պատժամիջոցներու ընդլայնման թղթածրար մը, որ կը ներառէ անանուն մէկ իրաւաբանական էութեան եւ երկու անհատներու դէմ պատժամիջոցներ: Վերջիններս կը մեղադրուին Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ Իրանի «թշնամական գործունէութեան» առչնակից ըլլալու համար: Միութեան որոշումը առնչուած է Ֆրանսայի եւ Դանիոյ մէջ իրանեան գաղտնի սպասարկութիւններու գործունէութեան առնչուած գայթակղութեան: Նշեալ երկիրները Իրանը մեղադրած են տարբեր յարձակումներ եւ ահաբեկչութիւններ գործելու փորձերու համար: Այդ պատճառով Դանիան տուն կանչած էր Թեհրանի մէջ իր դեսպանը:

Իրան մերժեց Եւրոպական Միութեան իր հրթիռային ծրագիրին, շրջանային քաղաքականութեան, մարդկային իրաւանց ոտնահարման եւ ահաբեկումներու ծրագիրին մասին «անհիմն ու ոչ շինիչ» ամբաստանութիւններ բովանդակող հաղորդագրութիւնը:

«Մենք հիասթափուած ենք այդպիսի մեղադրանքներու եւ եւրոպացիներուն ունեցած մտահոգութեան առնչութեամբ, երբ ինքնին Եւրոպայի մէջ կը գործեն ահաբեկչական ու յանցաւոր խմբաւորումներ», նշեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Եւրոպայէն կը սպասենք իրատեսութիւն եւ հեռու մնալ երկակի չափանիշներէ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով, որ Իրանի գործունէութիւնը «պաշտպանողական, կանխարգելիչ եւ տեղական է, եւ այդ հարցը որեւէ անգամ քննարկումի առարկայ չենք դարձուցած»:

 

Նախորդը

Իրաքի Նախագահ. «Ամերիկացիները Իրանը Հսկելու Արտօնութիւն Չխնդրեցին»

Յաջորդը

Ապահովական Գօտիին Շուրջ Թուրք-Ամերիկեան Համաձայնութիւն Չէ Գոյացած

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.