Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ մեղադրած է Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքի ուժերը` Իտլիպի մէջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյացած ապազինեալ գօտիին վերաբերեալ ծրագիրը խափանելու փորձերուն համար:
Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին, Միջազգային դաշինքը կը ֆինանսաւորէ ահաբեկչական Ժապհաթ Նուսրայի թեւը նկատուող Հայաքաթ Թահրիր Շամի զինեալները, որոնք Իտլիպի մէջ յայտնուած են իբրեւ հակակշիռ ռուս-թրքական համաձայնութեան:
«Անոնք մեծ ջանքեր կը գործադրեն, որպէսզի խափանեն (Սուրիոյ տագնապի լուծման նպատակով ստեղծուելիք) սահմանադրական յանձնախումբի կազմաւորումը միայն անոր համար, որ ատիկա մենք կ՛ընենք», նշած է Չաւուշօղլու` պնդելով, որ արեւմտեան ուժերը չեն ախորժիր Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցին մէջ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի միացեալ գործունէութենէն:
Չաւուշօղլու երէկ յայտարարեց, որ Ասթանայի երաշխաւոր երկիրներուն` Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի ժողովը պիտի գումարուի 14 փետրուարին, Սոչիի մէջ:



