Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Քիեւը Կը Մեղադրէ Եկեղեցւոյ Կեանքին Միջամտելու Համար

Փետրուար 4, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քիեւը մեղադրած է «Ուքրանիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ կեանքին կոպտօրէն միջամտելու» յանցանքով, այն բանէն ետք, երբ Ուքրանիոյ ուղղափառ եկեղեցին անջատուեցաւ Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցիէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Փութին Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Քիրիլի գահակալութեան 10-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ձեռնարկի մը ընթացքին ըսած է, թէ Ուքրանիոյ մէջ նոր եկեղեցի հաստատելու հիմը «իշխանութեան համար պայքարն է, եւ ատիկա թշնամանք եւ անհանդուրժողականութիւն պիտի յառաջացնէ»:

«Ռուսիան բացարձակապէս անընդունելի կը նկատէ եկեղեցւոյ գործերուն որեւէ միջամտութիւն», յայտարարած է Փութին:

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարքութիւնը յունուարին Ուքրանիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ անկախութիւն շնորհած էր: Այդպիսով վերջ գտած է Ուքրանիոյ կրօնական կեանքին Ռուսիոյ վերահսկողութիւնը, որ տեւած է աւելի քան 330 տարի:

«Ցաւալի է, որ այս հոլովոյթին մասնակից դարձած է նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը», ըսած է Փութին:

Ռուսիան կտրուկ կերպով դէմ է Ուքրանիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ անկախացման, որուն իրագործման ջանքերը Ուքրանիոյ մէջ յատկապէս աշխուժացած են 2014-ին Մոսկուայի կողմէ Խրիմի բռնակցումէն ետք եւ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ  զինեալ պայքարէն ետք:

«Մենք միշտ յարգած ենք եկեղեցւոյ կեանքի անկախութիւնը, յատկապէս դրացի երկիրներուն մէջ: Բայց եւ այնպէս, մենք մեզի կը վերապահենք իրաւունք` ընել ամէն ինչ մարդու իրաւունքները, ներառեալ հաւատացեալներու իրաւունքները պաշտպանելու համար», յայտարարած է Փութին:

 

Նախորդը

«Ճամբադ Տանդ Պէ՛ս Պահէ» Մաքրութեան Արշաւ` Պուրճ Համուտի Մէջ

Յաջորդը

Մատուրօ Կը Յայտարարէ, Որ Պատրաստակամ Է Խորհրդարանական Արտակարգ Ընտրութիւններ Հրաւիրելու

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?