Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Ժան Իւ լը Տրիան երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին Վենեզուելայի կացութիւնը, Եւրոպական խորհուրդի ճգնաժամը եւ երկու երկիրներու քաղաքական ու պաշտպանական նախարարութիւններու ղեկավարներու ձեւաչափով բանակցութիւններու վերսկսումը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու նախարարները «քննարկած են Վենեզուելայի մէջ կացութեան բնականոնացման աջակցելու անհրաժեշտութեան առնչուող հարցերը` երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն երկխօսութեան միջոցով»:
Լաւրով եւ լը Տրիան զօրակցած են Ասթանայի ձեւաչափի եւ Սուրիոյ հարցով «փոքր խումբի» (Բրիտանիա, Գերմանիա, Յորդանան, Սէուտական Արաբիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա) միջեւ հաղորդակցութեան կարգաւորման: Նախարարները «հանգամանօրէն քննարկած են Սուրիոյ եւ անոր շուրջ կացութեան զարգացումը` շեշտը դնելով սահմանադրական յանձնախումբի գործարկման հեռանկարներուն վրայ»:
Լաւրով իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին յայտնած է «Սուրիոյ կացութեան կայունացման ուղղուած Ռուսիոյ ջանքերուն մասին եւ ընդգծած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 բանաձեւի եւ Սոչիի մէջ Սուրիական ազգային երկխօսութեան քոնկրեսի որոշումներուն հիման վրայ քաղաքական հոլովոյթի յառաջ մղման Ռուսիոյ յանձնառութիւնը»:



