Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանը Մօտէն Հսկելու Համար Իրաքի Մէջ Ռազմակայանը Պահպանելը Կարեւոր Է» Կ՛ըսէ Թրամփ

February 4, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Իրանը մօտէն հսկել կարենալու համար Իրաքի ռազմակայանը պահպանելը կարեւոր է: Թրամփ երէկ այս մասին յայտնեց «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Իրաքի մէջ ուժեր պահել ուզելուս պատճառներէն մէկը այն է, որ կ՛ուզեմ Իրանին հսկել, որովետեւ Իրանը իսկական խնդիր է», ըսաւ ան:

Թրամփ «Սի.Էն.Էն.»-ի «Ֆէյս տը Նէյշըն» յայտագիրին յայտնեց. «Միակ ուզածս հսկել կարենալ է: Իրաքի մէջ հոյակապ եւ մեծածախս ռազմակայան մը ունինք, եւ անիկա շատ յարմար է անկայուն Միջին Արեւելքի ամբողջ կողմերը հսկելու համար, ինչ որ հեռանալէն լաւ է»:

«Ասիկա հարց մըն է, որ շատեր չեն հասկնար: Մտադիր ենք շարունակել հսկողութիւնը, որովհետեւ եթէ խնդիրներ յառաջանան կամ մէկը ուզեց հիւլէական զէնք կամ այլ բան արտադրել, ատիկա կատարելնէն առաջ պիտի գիտնանք», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Ինչ կը վերաբերի Աֆղանիստանի, ապա ան յայտնեց, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը ամերիկեան ուժերու հեռացումէն ետք պիտի մնայ Աֆղանիստանի մէջ:

Միւս կողմէ, Իրաքի Հըզպալլայի ջոկատներու բանբերը յայտնեց, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան նպատակը դիմադրութեան առանցքը դիմակայելն է:

Ան «Մայատին»-ին յայտնեց, որ Թրամփի յայտարարութիւնը Իրաքի գրաւման բացայայտ յայտարարութիւն է եւ դիմակայումի նոր փուլ` նշելով, որ «Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերուն թիւը աւելի քան 34 հազար զինուոր է», եւ ամերիկեան ուժերու մեծագոյն ներկայութիւնը Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մերձակայքին մէջ է:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Դարձեալ Կը Սպառնայ Թուրքիոյ` Վենեզուելական Ոսկին Գաղտնաբար Իրանին Փոխանցելուն Համար

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Պատմական Այցելութեամբ Մը Հասաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.