Փաստաբաններու եւ իրաւաբաններու երկրին սահմանադրութիւնը յարգելու պահանջով կատարուող բողոքի ցոյցերուն զուգահեռ, Ալճերիոյ ընդդիմադիր ուժերը պահանջեցին ջնջել նախագահական ընտրութիւնը եւ ալճերիական բանակին կոչ ուղղեցին` ապահովելու երկրին ու նախագահութեան բոլոր թեկնածուներուն անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ միանալու երկրի նախագահ Ապտելազիզ Պութաֆլիքայի 5-րդ նստաշրջանի համար թեկնածութեան առաջադրման դէմ ժողովրդային բողոքներուն: Ընդդիմութիւնը նաեւ այլ երկիրներու կոչ ուղղեց` չմիջամտելու Ալճերիոյ ներքին հարցերուն:
«Ալճերիոյ յոյսը» դաշինքէն ղեկավար Քամալ Միտա յայտնեց, որ Ալճերիոյ մէջ ժողովրդային շարժումը «գողնալու» գործողութիւն մը գոյութիւն ունի: Ան շեշտեց, որ ժողովրդային քայլարշաւները կու գան արտայայտելու երիտասարդութեան ձգտումները եւ ընդդիմութեան հետ առնչուած չեն:
Նշենք, որ մէկ օր առաջ Ալճերիոյ նախագահը, Զուիցերիայէն ուղերձ մը յղելով, զգուշացուցած էր ժողովրդային շարժումին արտաքին ու ներքին միջամտութիւններէն եւ ողջունած բողոքի ցոյցերուն խաղաղ բնոյթը:
82-ամեայ Պութաֆլիքա Զուիցերիա կը գտնուի բժշկական դարմանումի համար: