Միջազգային

Կիպրոս Թուրքիոյ Դէմ  Բողոքագիր Յղած Է ՄԱԿ-ին

Կիպրոս Թուրքիոյ Դէմ Բողոքագիր Յղած Է ՄԱԿ-ին

Եւրոպական Միութեան անդամ Կիպրոսը Թուրքիոյ դէմ բողոք ներկայացուցած է ՄԱԿ-ին` Կիպրոսի կղզիին մօտ պեղման աշխատանքներ կատարելուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր» կայքը: Թուրքիան ածխաջրածնային հետազօտութիւններ կը կատարէ Կիպրոսի յարակից տնտեսական գօտիին մէջ, որ Թուրքիոյ կողմէ իբրեւ այդպիսին չի ճանչցուիր: Եւրոպական Միութեան մէջ Կիպրոսի մնայուն ներկայացուցիչ Քոռնիլիուս Քոռնիլիուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին յղած է նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի,...

Ազրպէյճան 2018-ին Շուրջ 300 Միլիոն  Տոլարով Աւելցուցած Է Զինուորական Ծախսերը

Ազրպէյճան 2018-ին Շուրջ 300 Միլիոն Տոլարով Աւելցուցած Է Զինուորական Ծախսերը

Ազրպէյճան անցեալ տարի շուրջ 300 միլիոն տոլարով աւելցուցած է պաշտպանական ոլորտի ծախսերը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին խորհրդարանին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի վարչապետ Նովրուզ Մամետովը` անցեալ տարուան պիւտճէական տեղեկագիրը ներկայացնելու ընթացքին: Ազրպէյճան 2018-ին զինուորական ոլորտին յատկացուցած է շուրջ 2 միլիառ տոլար: «Զինեալ ուժերու արդիական զինուորական սպառազինութեամբ ապահովումը եղած է մեր ուշադրութեան կեդրոնը, այդ նպատակով ձեռք բերուած են...

Թել Աւիւ Հրթիռակոծուեցաւ

Թել Աւիւ Հրթիռակոծուեցաւ

Երէկ գիշեր Կազայէն երկու հրթիռներ արձակուեցան Թել Աւիւի ուղղութեամբ: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար չեն առած երկու հրթիռներէն որեւէ մէկը: Բանակը նաեւ նշեց, թէ հրթիռարձակման մասին գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ չունէր եւ հրթիռարձակումը զայն անակնկալի մատնած է: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Համաս չի կանգնիր հրթիռակոծումին ետին: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու բանակի հրամանատարները հրաւիրեց հրթիռակոծման հակադարձութեան կարելիութիւնները սերտելու:

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Հետ Սուրիոյ  Հիւսիսարեւելեան Շրջանին Մէջ Զինուորական  Գործողութիւն Մը Չեն Քննարկեր

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Հետ Սուրիոյ Հիւսիսարեւելեան Շրջանին Մէջ Զինուորական Գործողութիւն Մը Չեն Քննարկեր

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին հերքած է, թէ իր երկիրը Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ թրքական զինուորական հաւանական գործողութեան շուրջ որեւէ քննարկում կը կատարէ` աւելցնելով. «Այդտեղ Թուրքիոյ անվտանգութեան շահերը պաշտպանելու համար որեւէ զինուորական գործողութիւն պիտի չըլլայ»: «Թուրքիոյ անվտանգութեան մտավախութիւնները փարատելու համար քննարկումներ կատարած ենք Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ անվտանգութեան մեքանիզմի մը կամ ապահովական գօտիի...

Սուրիական Բանակը Իտլիպի Հարաւային  Գիւղական Շրջանին Մէջ Ժապհաթ Նուսրայի  Կեդրոնատեղիներ Քանդած Է

Սուրիական Բանակը Իտլիպի Հարաւային Գիւղական Շրջանին Մէջ Ժապհաթ Նուսրայի Կեդրոնատեղիներ Քանդած Է

Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական բանակին Համայի գիւղական շրջանին մէջ գործող զօրախումբերը բուռն հարուածներով հակադարձած են զինեալ խմբաւորումներուն լարուածութեան մեղմացման գօտիին շուրջ համաձայնութեան ոտնահարումներուն եւ թիրախ դարձուցած են Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներու շարք մը որջեր: Սուրիական բանակը քանդած է շարք մը կեդրոններ եւ մեքենաներ, ինչպէս նաեւ սպաննած շարք մը զինեալներ եւ վիրաւորած ուրիշներ:...

Այսօր Եւրոպական Խորհրդարանի Լիագումար  Նիստին Ընթացքին Պիտի Քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Եւրոպական Խորհրդարանը Ընդունած Է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւններու Կասեցման Մասին Զեկուցումը. Անգարան Զայն Նկատած Է «Անկարեւոր»

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան դրուած է Թուրքիոյ գծով զեկուցող Քեթի Փիրիի զեկուցումը, որ կոչ կ՛ուղղէ ժամանակաւորապէս կասեցնելու Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները` այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարական արժեչափերու ոտնահարումներուն լոյսին տակ: «Ակօս» կը հաղորդէ, որ Փիրիի զեկուցումին թեր քուէարկած են 370 երեսփոխաններ, դէմ` 109 երեսփոխաններ, իսկ ձեռնպահ մնացած են 143 երեսփոխաններ: Զեկուցումին հեղինակը յատկապէս ուշադրութեան հրաւիրած է...

Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Խստացման  Օրինագիծը Հրապարակուած Է  Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Կայքին Վրայ

Ծերակոյտը Որդեգրեց Եմէնի Մէջ Սէուտական Դաշինքին Աջակցութեան Վերջ Տուող Օրինագիծ Մը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրեց Եմէնի մէջ սէուտական ղեկավարութեամբ արաբական դաշինքին պատերազմի զինուորական օժանդակութիւնները դադրեցնելու օրինագիծ մը: 100 անդամներէ բաղկացած Ծերակոյտին մէջ նշեալ օրինագիծը որդեգրուեցաւ 54 թեր եւ 46 դէմ քուէներով: Օրինագիծը կը ձգտի ամերիկեան ուժերուն արգիլել տագնապին մէջ որեւէ տեսակի մասնակցութիւն ունենալ, ներառեալ առանց Քոնկրեսին կողմէ լիազօրուելու սէուտական օդային հարուածներուն աջակցութիւն տրամադրելը: Կը նախատեսուի, որ օրինագիծը ներկայացուի նաեւ Ներկայացուցիչներու տան,...

«Աշխարհի Վրայ Ոչ Մէկ Ուժ Կրնայ  Իրանի Եւ Իրաքի Միջեւ Սեպ Խրել»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Աշխարհի Վրայ Ոչ Մէկ Ուժ Կրնայ Իրանի Եւ Իրաքի Միջեւ Սեպ Խրել» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Իրաքէն իր վերադարձին Թեհրանի Մեհրապատ օդակայան հասնելէ ետք յայտնեց. «Իրանցի եւ իրաքցի եղբայր ժողովուրդները իրարու կապուած են ամուր կապերով, եւ աշխարհի վրայ ոչ մէկ ուժ կրնայ անոնց միջեւ սեպ խրել»: Ան նշեց, որ Իրաք իր այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած են բանակցութիւններ եւ փոխադարձ հասկացողութիւններ գոյացած են առեւտրական հարցերու մէջ, ինչպէս կարգ մը ապրանքներու վրայ մաքսատուրքերու նուազեցում...

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ  Հրթիռակոծել Իտլիպի Մէջ Ահաբեկչական  Խմբաւորումներու Դիրքերը

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Հրթիռակոծել Իտլիպի Մէջ Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Դիրքերը

Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը հրթիռակոծած եւ ռմբակոծած է Իտլիպի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանի Մաար Հիրմաթել Խուին, Զարզուր եւ Թամանիհա գիւղերուն մէջ գտնուող զինեալ խմբաւորումները: ՍԱՆԱ յիշեցուց, որ բանակը մէկ օր առաջ Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ հրթիռակոծելով ոչնչացուցած էր Ժապհաթ Նուսրայէն զինեալ խումբեր եւ քանդած անոնց մեքենաները:

«Միացեալ Նահանգներ Կը Պահանջեն,  Որ Իրան Բնական Երկրի Պէս Վարուի»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Միացեալ Նահանգներ Կը Պահանջեն, Որ Իրան Բնական Երկրի Պէս Վարուի» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Հիւսթընի մէջ ուժանիւթի «ՍԵՐԱՈւիք» խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, թէ իր երկիրը մտադիր է զերոյի հասցնել իրանեան քարիւղի արտածումը: «Մենք հաստատապէս մտադիր ենք զերոյի հասցնել իրանեան քարիւղի արտածումը», ըսաւ ան` նշելով, թէ Միացեալ Նահանգներ կը պահանջեն, որ Իրան «բնական երկրի պէս» վարուի: «Մենք պիտի շարունակենք պատժամիջոցներու քաղաքականութիւն վարել, այնքան ատեն որ...

Հակադարձելով Քալընի` Զինք  Ցեղապաշտ Կոչելու Քայլին`  Նեթանիահուն Էրտողանը Բռնապետ Կը Կոչէ

Հակադարձելով Քալընի` Զինք Ցեղապաշտ Կոչելու Քայլին` Նեթանիահուն Էրտողանը Բռնապետ Կը Կոչէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հակադարձեց Թուրքիոյ` զինք ցեղապաշտ կոչելուն` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կոչելով բռնապետ: Նեթանիահուի գրասենեակը յայտնեց. «Թուրք բռնապետ Էրտողան թիրախ կը դարձնէ իսրայէլեան ժողովրդավարութիւնը, երբ անոր բանտերը լեցուած են թուրք լրագրողներով եւ դատաւորներով: Ասիկա հեգնական է»: Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն երեքշաբթի օր Նեթանիահուի` Իսրայէլ «իր բոլոր քաղաքացիներուն» պետութիւնը չէ, այլ «միայն հրեայ ժողովուրդին» յայտարարութիւնը կոչեց «աղաղակող...

«Իրան Վերատեսութեան Պիտի Ենթարկէ  Պաշտպանական Ռազմավարութիւնը, Եթէ Շրջանին Մէջ  Պահպանուին Հիւլէական Ծրագիրները»  Կ՛ըսէ Շամխանի

«Իրան Վերատեսութեան Պիտի Ենթարկէ Պաշտպանական Ռազմավարութիւնը, Եթէ Շրջանին Մէջ Պահպանուին Հիւլէական Ծրագիրները» Կ՛ըսէ Շամխանի

Իրան կրնայ վերատեսութեան ենթարկել իր պաշտպանական ռազմավարութիւնը, եթէ շրջանային պետութիւնները շարունակեն ֆինանսաւորել իրենց հիւլէական ծրագիրները: Այս մասին յայտարարեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի: «Շրջանային պետութիւններէն մէկ քանին կ՛օգտագործեն նաւթատոլարները, որպէսզի հիւլէական նախագիծեր ներառեն իրենց օրակարգին վրայ: Ատիկա կը սպառնայ շրջանի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան, եւ կրնայ յանգեցնել աւելի ահաւոր ճգնաժամի, քան ահաբեկչութիւնն ու ՏԱՀԵՇ-ը», ըսաւ Շամխանի: «Այդպիսի փոփոխութիւնները...

Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Մերժեց Առանց  Համաձայնութեան «Պրեքզիթ»-ը  Եւ Զայն Յետաձգելու Առաջարկը

Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Մերժեց Առանց Համաձայնութեան «Պրեքզիթ»-ը Եւ Զայն Յետաձգելու Առաջարկը

«Պրեքզիթ»-ի ճշդուած թուականէն 16 օր առաջ, Բրիտանիոյ խորհրդարանը 312 դէմ եւ 308 թեր քուէներով մերժեց առանց հեռացման շուրջ համաձայնութեան մը Եւրոպական Միութենէն հեռանալը: Խորհրդարանը նաեւ 374 դէմ եւ 164 թեր քուէներով մերժեց «Պրեքզիթ»-ի թուականը նախատեսուած 29 մարտէն 22 մայիս յետաձգելու առաջարկ մը: Յիշեցնենք, որ խորհրդարանը մէկ օր առաջ 391 դէմ եւ 242 թեր քուէներով մերժած էր Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի...

Մատուրօ. «Աղօթեցէ՛ք Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Վերականգնման Համար»

Մատուրօ. «Աղօթեցէ՛ք Ելեկտրականութեան Մատակարարման Վերականգնման Համար»

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ տարբեր կրօններ դաւանող հայրենակիցները յորդորեց` իրենց աղօթքներով օգնելու երկրին մէջ ելեկտրականութեան մատակարարման վերականգնման համար: Ան այդ յայտարարութիւնը կատարեց ժողովուրդին ուղղուած ուղերձի մը ընթացքին: «Կը խնդրեմ աղօթել Վենեզուելայի համար: Կը խնդրեմ Աստուծմէ, որ ելեկտրականութիւնը վերադառնայ», ըսաւ ան: Մատուրօ նաեւ վենեզուելացիներէն խնդրեց ելեկտրական հոսանքի խնայողութիւն կատարել, այնքան ատեն որ մեծ խանգարումէն ետք երկրին մէջ կը շարունակուին վերականգնումի աշխատանքները:...

Պելճիքան ՔԱԿ-ը Կը Նկատէ «Միջազգային,  Պետութիւն Չունեցող Զինեալ Խմբաւորում»

Պելճիքան ՔԱԿ-ը Կը Նկատէ «Միջազգային, Պետութիւն Չունեցող Զինեալ Խմբաւորում»

Թուրքիան Բողոքագիր Յղած Է Պելճիքային Անգարայի մէջ Պելճիքայի դեսպան Միշել Մալերպէն կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը: Կը նշուի, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անոր փոխանցած է բողոքագիր մը, որ կը վերաբերի Պելճիքայի վերաքննիչ դատարանի` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) գործունէութիւնը իբրեւ ոչ ահաբեկչական ճանչցող որոշումին: Վերաքննիչ դատարանը այդ որոշումով փաստացիօրէն հետապնդումէ կ՛ազատէ երկրին...

«Էրտողան Կը Շարունակէ Ահաբեկչական  Իսլամ Եղբայրներ Շարժումին  Ու Անոր Համակիրներուն Զօրակցիլ»  Կ՛ըսէ Գահիրէ

«Էրտողան Կը Շարունակէ Ահաբեկչական Իսլամ Եղբայրներ Շարժումին Ու Անոր Համակիրներուն Զօրակցիլ» Կ՛ըսէ Գահիրէ

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմատ Հաֆեզ յայտնեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անգամ մը եւս Եգիպտոսի եւ անոր քաղաքական ղեկավարութեան մասին արտասանեց խօսքեր, որոնք ո՛չ միայն բացայայտ ատելութիւն կը պարունակեն, այլ նաեւ կը փաստեն, որ ահաբեկչական «Իսլամ Եղբայրներ» շարժումին ու անոր համակիրներուն կը շարունակէ զօրակցիլ»: «Այդպիսի անհեթեթութիւններ կ՛արտայայտէ մէկը, որ կալանաւորեց եւ բանտարկեց 175 լրագրող եւ լրատուամիջոցներու աշխատակից», ըսաւ...

«Փաքիստան Խոստացաւ Խստութեամբ Վարուիլ  Զինեալ Խմբաւորումներուն Հետ»  Կ՛ըսէ Պոլթըն

«Փաքիստան Խոստացաւ Խստութեամբ Վարուիլ Զինեալ Խմբաւորումներուն Հետ» Կ՛ըսէ Պոլթըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Ճոն Պոլթըն յայտարարեց, որ հաղորդակցութեան մէջ մտած է Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Շահ Մահմուտ Քրշիի հետ, եւ «արտաքին գործոց նախարարը ինծի վստահեցուց, որ Փաքիստան խստութեամբ պիտի վարուի բոլոր ահաբեկիչներուն հետ եւ պիտի շարունակէ Հնդկաստանի հետ լարուածութիւնը մեղմացնելու քայլերը»: «Քրշիի հետ հաղորդակցութեանս ընթացքին քաջալերեցի իմաստալից քայլերու որդեգրումը Ժէյշ Մոհամետ խմբաւորման եւ Փաքիստանի մէջ գործող...

«Ռուսիան Քերչի Նեղուցին Մէջ  Նոր Սադրանքներ Պիտի Չարտօնէ»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Ռուսիան Քերչի Նեղուցին Մէջ Նոր Սադրանքներ Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ռուսիան Քերչի նեղուցին մէջ նոր սադրանքներ պիտի չարտօնէ` նշելով, որ այդ առնչութեամբ դիւանագիտական աշխատանքը ընթացքի մէջ է: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով հարցումի մը ան ըսաւ. «Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը պատասխանեց հարցումի երկրորդ բաժինին, որ կը վերաբերի առաջին սադրանքէն ետք որդեգրած քայլերուն: Երկրորդ` անշուշտ յստակացաւ քայլերու նպատակը, որ պիտի մեկնաբանուի, ինչպէս նաեւ օրէնքի...

Ուաշինկթըն. «Մեր Բոլոր Դիւանագէտները  Պիտի Հեռացնենք Վենեզուելայէն»

Ուաշինկթըն. «Մեր Բոլոր Դիւանագէտները Պիտի Հեռացնենք Վենեզուելայէն»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իր բոլոր դիւանագէտները պիտի հեռացնէ Վենեզուելայէն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ որոշեցին Քարաքասի մէջ իրենց դեսպանատան մնացեալ դիւանագէտները տուն կանչել»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշեց. «Այդ որոշումը կ՛արտացոլէ Վենեզուելայի մէջ կացութեան վատ վիճակը, նաեւ դեսպանատան մէջ ամերիկացիներու ներկայութիւնը ամերիկեան քաղաքականութեան կաշկանդումի վերածուած է»: Մինչ այդ, Վենեզուելայի խորհրդարանը...

Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Մերժեց Վարչապետ  Մէյի Եւրոպական Միութեան Հետ «Պրեքզիթ»-ի  Շուրջ Գոյացուցած Համաձայնութիւնը

Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Մերժեց Վարչապետ Մէյի Եւրոպական Միութեան Հետ «Պրեքզիթ»-ի Շուրջ Գոյացուցած Համաձայնութիւնը

  Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն 17 օր առաջ Բրիտանիոյ խորհրդարանը 391 դէմ եւ 242 թեր քուէներով մերժեց Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի` Եւրոպական Միութեան հետ «Պրեքզիթ»-ի շուրջ գոյացուցած բարեփոխուած համաձայնութիւնը: Խորհրդարանը այսօր քուէարկութիւն պիտի կատարէ որոշելու համար, թէ երկիրը պէ՞տք է առանց համաձայնութեան դուրս գայ Եւրոպական Միութենէն:  Եթէ խորհրդարանը մերժէ առանց համաձայնութեան Եւրոպական Միութենէն հեռանալ, քանի մը օր ետք պէտք...

Page 542 of 884 1 … 541 542 543 … 884

Արխիւներ