Չինաստան միջնորդի դեր պիտի ստանձնէ Հնդկաստան-Փաքիստան տագնապի լուծման գործին մէջ եւ պիտի օժանդակէ Նիւ Տելհիի եւ Իսլամապատի հաշտեցման: Այս մասին կը յայտնեն «Կլոպըլ Թայմզ» չինական օրաթերթի մեկնաբանները:
«Փեքին մտադիր չէ կողմերէն մէկը պաշտպանել այդ վէճերուն մէջ: Չինաստանի ժողովրդային հանրապետութիւնը շահագրգռուած է այդ երկկողմանի տագնապի լարուածութեան մեղմացումով, ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ կացութեան բարելաւումով, ուստի Չինաստան հանդէս պիտի գայ իբրեւ միջնորդ, ինչ որ պիտի նպաստէ լարուած կացութեան մեղմացումին», նշած են խմբագրական յօդուածի հեղինակները:
Անոնց կարծիքով, հակառակ այն իրողութեան, որ Փաքիստան ամբողջութեամբ կը պաշտպանէ Չինաստանի այդ դիրքորոշումը, Հնդկաստանի հասարակութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ առաջուան պէս անվստահութեամբ կը վերաբերին Չինաստանի շարք մը նախաձեռնութիւններուն` անոնց մէջ տեսնելով աշխարհաքաղաքական սպառնալիք: Թերթին մեկնաբանները իբրեւ օրինակ կը բերեն «Մէկ գօտի` մէկ ճամբայ» նախաձեռնութեան նախագիծերը, որոնք կրնան հաւասարապէս օգտակար ըլլալ թէ՛ Փաքիստանին, թէ՛ Հնդկաստանին:
Անոնք կ՛ընդգծեն, որ Հնդկաստան-Փաքիստան յարաբերութիւնները կրնան կարգաւորուիլ միայն խաղաղ երկխօսութեան ճամբով, որուն յաջող յառաջխաղացումը պատրաստ է երաշխաւորելու Փեքինը:
Նշենք, որ Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ միջնորդութիւն կատարելու պատրաստակամութիւն յայտնած էին նաեւ Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան:



