Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը 11-15 մարտին լայնածաւալ ռազմափորձեր պիտի կատարեն` 10 հազար զինուորներու, 500 հրետանիի, 300 հրթիռահրետանային համակարգերու, օդուժի եւ այլ ծանր զէնքերու մասնակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը` յղում կատարելով ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան: