Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ ակնարկած է, որ Պելկրատ կրնայ ճանչնալ Քոսովոյի անկախութիւնը, սակայն հաւանական մեծ գործարքի ծիրին մէջ ատոր դիմաց պէտք է բան մը ստանայ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Վուչիչ այդ մասին ըսած է իտալական ԱՆՍԱ լրատու գործակալութեան:
«Մենք պէտք է նախ փոխզիջում մը գտնենք, մենք չենք կրնար պարզապէս ճանչնալ Քոսովոն` առանց որեւէ բան շահելու», ըսած է Վուչիչ:
«Ես համոզուած եմ, որ մեր եւրոպացի բարեկամներուն օգնութեամբ, Ռուսիոյ, Ամերիկայի, Չինաստանի եւ այլ երկիրներու աջակցութեամբ մենք կրնանք լուծում գտնել», նշած է Սերպիոյ նախագահը:



