Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Իլիթ Շաքիտ բուռն յարձակում գործեց հիւսիսային Ափրիկէի արաբական երկիրներուն դէմ եւ բացայայտեց այդ երկիրներուն ժողովուրդները բնաջնջելու իսրայէլեան իշխանութեան ձգտումները:
«Այդ երկիրներուն ժողովուրդները բոլորն ալ մահուան արժանի են», յայտարարեց ան` աւելցնելով. «Մենք մեր կարելին կ՛ընենք հիւսիսային Ափրիկէի արաբական երկիրներուն ժողովուրդները բնաջնջելու, որպէսզի անոնցմէ ոչ ոք երկրի վրայ կենդանի մնայ, որովհետեւ անոնք կ՛ատեն իսրայէլացիները»: