Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Կիպրոսի արեւմտեան ջուրերուն մէջ Թուրքիոյ կողմէ կազի եւ քարիւղի որոնման աշխատանքներուն վերաբերեալ Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի քննադատութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակած է` նշելով, որ Անգարա չ՛ընդունիր Թուրքիոյ` սեփական տարածքին մէջ կատարած այդ աշխատանքներուն վերաբերեալ քննադատութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Թուրքիան նաեւ դատապարտած է Միացեալ Նահանգներու քննադատութիւնը` Կիպրոսի ջուրերուն մէջ Թուրքիոյ գործունէութեան վերաբերեալ:
Նշենք, որ Թուրքիան 4 մայիսին սկսած է Կիպրոսի յատուկ տնտեսական գօտիին մէջ կազի եւ քարիւղի որոնման աշխատանքներ կատարել, ինչ որ յարուցած է միջազգային ընտանիքի դժգոհութիւնը: