Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրին Մաս Կազմող Պետութիւններուն Իրենց Յանձնառութիւնները Կատարելու 60 Օրուան Պայմանաժամ Մը Ճշդեց

Մայիս 9, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդը յայտարարեց, որ Իրան-Վեցեակ համաձայնութեան մաս կազմող երկիրները 60 օրուան պայմանաժամ մը ունին կատարելու այդ համաձայնութեամբ իրենց ստանձնած յանձնառութիւնները:

Խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ երէկուընէ կը սկսի 2015-ին կնքուած համաձայնութեան ծիրին մէջ երկրին ստանձնած կարգ մը յանձնառութիւններու կատարումը առկախելը` նշելով, որ ներկայիս, եւ մինչեւ 60 օր, պիտի չյարգէ իւրանիոմի հարստացման ճշդուած համեմատութիւնը եւ ծանր ջուրի պահեստի քանակը:

«Երբ մեր պահանջները կատարուին, կը վերականգնենք այդ քայլերու գործադրումը», եզրափակեց խորհուրդը:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր կարգին նշեց, որ իր երկիրը չ՛ուզեր համաձայնութենէն դուրս գալ, «սակայն այսօր հիւլէական համաձայնութեան մէջ նոր քայլ մը կ՛առնենք»:

«Հիւլէական համաձայնութեան տապալումը կը վտանգէ Իրանն ու աշխարհը», նշեց ան, սակայն պիտի փոխարինուի «Միացեալ Նահանգներու կամքին համեմատ»: «Եթէ հիւլէական համաձայնութիւնը շրջանի անվտանգութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան համար է, ապա պէտք է բոլորը զայն գործադրեն եւ վճարեն անոր ծախսերը», ընդգծեց Իրանի նախագահը:

Ռուհանի յայտնեց, որ Թեհրան իր նոր քայլերուն վերաբերեալ նամակներ յղած է Իրան-Վեցեակ համաձայնութեան յանձնառու 5 երկիրներուն` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Չինաստանի եւ Գերմանիոյ: «Մենք ձեզմէ չենք պահանջեր Իրանի շահերուն համաձայն գործել, այլ կ՛ըսենք` աշխատեցէ՛ք ձեր երկիրներու շահերուն համաձայն», ըսաւ ան:

«Իրանեան վարչակարգի ռազմավարութիւնը յանձնառութիւնը յանձնառութեան դիմաց, սպառնալիքը սպառնալիքի դիմաց եւ ոտնահարումը ոտնահարման դիմաց է», եզրափակեց Իրանի նախագահը:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ համաձայնութիւնը պէտք է ամբողջութեամբ գործադրել:

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Պարլի շեշտեց, թէ կարեւոր է, որ Իրան յարգէ իր յանձնառութիւնները` աւելցնելով, որ եթէ ատիկա տեղի չունենայ, ապա պատժամիջոցներու վերահաստատումը պիտի դրուի սեղանի վրայ: Ան նշեց, որ չկայ աւելի վատ բան, քան Իրանի` հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս գալը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին նշեց. «Եթէ Իրան հիւլէական համաձայնագիրով իր ստանձնած յանձնառութիւնները չյարգէ, ապա պիտի վերադառնանք պատժամիջոցներու դրութեան»:

Քրեմլին շեշտեց. «Տակաւին կանուխ է հիւլէական համաձայնութեան հարցով Իրանի դէմ պատժամիջոցներու մասին խօսելու: Մենք այսօր Միացեալ Նահանգներու հիւլէական համաձայնութենէն դուրս գալուն հետեւանքները կը տեսնենք: Հիւլէական համաձայնութենէն Իրանի ետդարձը հետեւանք է օտար ուժերու անոր դէմ կատարած գրգռութեան»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրին շուրջ զարգացումները անընդունելի են, եւ անոնց պատճառը Ուաշինկթընի անպատասխանատու վարմունքն է»: Ան Մոսկուայի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆին հետ հանդիպումին ընթացքին «հիւլէական համաձայնութեան նկատմամբ իրանեան կեցուածքի փոփոխութեան վերաբերեալ բացատրութիւն» պահանջեց:

Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց. «Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնութեան նոյնիսկ փոքր բաժինի ոտնահարումը անընդունելի է: Մենք կ՛ուզենք պահպանել հիւլէական համաձայնութիւնն ու մեր յանձնառութիւնները, եթէ Իրան յանձնառու մնայ»:

Եւրոպական Միութիւնը յայտնեց, որ մտահոգութեամբ կը հետեւի իրանեան որոշումներուն եւ անոնց հետեւանքները կը քննարկէ` աւելցնելով, որ միութիւնը կը շարունակէ ամբողջովին յանձնառու մնալ Իրանի հետ Միացեալ Համապարփակ աշխատանքի ծրագիրին»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց. «Իսրայէլ Իրանին պիտի չարտօնէ հիւլէական զէնքեր ունենալ»:

Նախորդը

Անգարա Կը Քննադատէ Փարիզի, Պրիւքսելի Եւ Ուաշինկթընի Յայտարարութիւնները

Յաջորդը

Ռոպեն Շատ Հաւանաբար Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Շարունակէ Փորթուգալի Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?