Միջազգային

Ազրպէյճան Յառաջիկայ Շաբաթ Հերթական  Լայնածաւալ Ռազմափորձ Պիտի Կատարէ

Ազրպէյճան Յառաջիկայ Շաբաթ Հերթական Լայնածաւալ Ռազմափորձ Պիտի Կատարէ

Ազրպէյճանական բանակը յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի սկսի հերթական լայնածաւալ ռազմափորձի` 10 հազար զինուորներու մասնակցութեամբ: «Ազատութիւն»-ը կը նշէ, որ ասիկա ազրպէյճանական զինեալ ուժերու այս ամսուան արդէն երկրորդ, իսկ վերջին տասը ամիսներու ընթացքին` երրորդ լայնածաւալ ռազմափորձն է: Ըստ ազրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրներու, մարտավարական ռազմափորձերը անձամբ պիտի ղեկավարէ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ, 20-24 մայիսի քառօրեայ ռազմափորձերուն ընթացքին պիտի խաղարկուի...

Անգարա Ուաշինկթընին Կոչ Կ՛ուղղէ`  Յարգելու Պոլսոյ Մէջ  Ընտրութիւնը Կրկնելու Որոշումը

Անգարա. «Մտահոգութեամբ Կը Հետեւինք Յունաստանի` Ահաբեկչական Կազմակերպութիւններու Ապաստանարանի Վերածուելուն»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ նշեց, որ «Թուրքիան մտահոգութեամբ կը հետեւի Յունաստանի` ՔԱԿ-ի, Կիւլենի եւ Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններու համար ապահով ապաստանարան դառնալուն»` աւելցնելով. «Այդ կազմակերպութիւններուն նկատմամբ Աթէնքի համակրանքը, հանդուրժողականութիւնն ու օժանդակութիւնը կը հակասեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու Յունաստանի միջազգային յանձնառութիւններուն»: Նշենք, որ Յունաստանի Ասիզ դատարանը չորեքշաբթի օր յայտնած էր, թէ  Յեղափոխական ժողովուրդի ազատագրութեան կուսակցութիւն-ճակատի 9...

Փոմփէօ 31 Մայիսին  Պիտի Այցելէ Պերլին

Փոմփէօ 31 Մայիսին Պիտի Այցելէ Պերլին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ 31 մայիսին պիտի այցելէ Գերմանիա: Անոր այցելութիւնը նախատեսուած էր 7 մայիսին, սակայն աշխատանքային օրակարգի փոփոխութեան բերումով յետաձգուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Գերմանիոյ ղեկավարներուն հետ պիտի քննարկէր Ուքրանիոյ, Վենեզուելայի, ինչպէս նաեւ «Հիւսիսային հոսք-2» կազի խողովակաշարին հարցերը: Փոմփէօ Պերլինի փոխարէն մեկնած էր Սոչի, ուր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի...

Ըստ Հարցախոյզի Մը.  Եւրոպացիներուն Մեծամասնութիւնը  Չի Բացառեր Յառաջիկայ 20 Տարուան Ընթացքին  Եւրոպական Միութեան Փլուզումը

Ըստ Հարցախոյզի Մը. Եւրոպացիներուն Մեծամասնութիւնը Չի Բացառեր Յառաջիկայ 20 Տարուան Ընթացքին Եւրոպական Միութեան Փլուզումը

Եւրոպացիներուն կէսէն աւելին այն կարծիքին է, որ Եւրոպական Միութիւնը, որուն անդամներուն թիւը այժմ 28 է, հաւանաբար փլուզուի յառաջիկայ 20 տարուան ընթացքին: Այս մասին կը վկայէ «ԵուԿով» միջազգային ընկերաբանական ծառայութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզը, որուն տուեալները 16 մայիսին ներկայացուցած է բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը: Հետազօտութեան համաձայն, որ կատարուած է Միջազգային յարաբերութիւններու եւրոպական խորհուրդի վերլուծական կեդրոնին պատուէրով, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Իտալիոյ, Հոլանտայի, Աւստրիոյ,...

Յունաստան Կը Զգուշացնէ Թուրքիան

Յունաստան Կը Զգուշացնէ Թուրքիան

Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս նշած է, որ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ, եթէ վերջինս շարունակէ Միջերկրական ծովուն արեւելեան շրջանին մէջ կազի որոնման աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը: Ցիփրաս յունական «Ալֆա» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է. «Եթէ այս ռազմավարութիւնը շարունակուի, հաւանաբար ըլլան ֆինանսական քայլեր եւ պատժամիջոցներ: Այս գործողութիւնները շարունակելու փոխարէն, Թուրքիան պէտք է յարգանք ցուցաբերէ...

Չաւուշօղլու. «Մեր Օրակարգին Վրայ  «Էս-400»-ներու Ստանձնումը Յետաձգելու  Կամ Դադրեցնելու Հարց Չկայ»

Չաւուշօղլու. «Մեր Օրակարգին Վրայ «Էս-400»-ներու Ստանձնումը Յետաձգելու Կամ Դադրեցնելու Հարց Չկայ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտնեց. «Մեր օրակարգին վրայ ռուսական «Էս-400» հրթիռներու ստանձնումը յետաձգելու կամ դադրեցնելու հարց չկայ»: «Ինչո՞ւ կը խօսինք կնքուած համաձայնութեան մը յետաձգման մասին», հարց տուաւ ան: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, թէ Թուրքիան հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ հետ` ամերիկեան ճնշումներուն պատճառով «Էս-400»-ներու գնումը յետաձգելու համար: Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց,...

Իրան Պաշտօնապէս Դադրեցուց Հիւլէական  Գործարքով Իր Պարտաւորութիւններուն  Մէկ Մասին Կատարումը

Իրան Պաշտօնապէս Դադրեցուց Հիւլէական Գործարքով Իր Պարտաւորութիւններուն Մէկ Մասին Կատարումը

Իրան երէկ պաշտօնապէս դադրեցուց Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի ծիրին մէջ իր պարտաւորութիւններու մէկ մասին կատարումը: Այս մասին երէկ հաղորդեց իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով երկիրի Հիւլէական ուժանիւթի գործակալութեան ներկայացուցիչը: Որոշումը որդեգրուած է Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդին կողմէ: «Քանի մը օրուան ընթացքին հասարակութեան պիտի հաղորդուի ձեռնարկուած քայլերու մասին, նաեւ մենք պիտի յայտարարենք Արաքի եւ Նաթանզի կառոյցներ զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու մուտքի...

Փութին-Փոմփէօ` «Արդիւնաւէտ»  Բանակցութիւններ

Փութին-Փոմփէօ` «Արդիւնաւէտ» Բանակցութիւններ

Երեքշաբթի օր Սոչիի մէջ ուշ գիշերին տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանակցութիւնները: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած բանակցութիւններու աւարտէն ետք Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ արդիւնաւէտ զրոյց ունեցած է Փութինի հետ, որ շատ լաւ գիտէ երկկողմանի յարաբերութիւններու խնդրայարոյց բաժինները: «Փութինի հետ համաձայնութիւն գոյացուցի Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի ճամբան հարթելու շուրջ», ըսաւ Փոմփէօ: Կողմերը...

Եքաթերինպուրկի Մէջ Բախում` Տաճարի Մը Կառուցման Դէմ Բողոքող  Ցուցարարներու Եւ Ոստիկաններու Միջեւ

Եքաթերինպուրկի Մէջ Բախում` Տաճարի Մը Կառուցման Դէմ Բողոքող Ցուցարարներու Եւ Ոստիկաններու Միջեւ

Ռուսիոյ Ուրալի շրջանին մէջ գտնուող Եքաթերինպուրկ քաղաքին մէջ հարիւրաւոր անձեր ցոյց կատարեցին քաղաքին կեդրոնը գտնուող այգիի մը մէջ` ուղղափառ եկեղեցւոյ տաճարի մը կառուցման ծրագիրին դէմ: ԱՖՓ հաղորդեց, որ անկարգութեան դէմ պայքարի ոստիկանութեան տասնեակներով անդամներ շրջապատած են ցոյցի վայրը եւ ձերբակալած շարք մը անձեր: «Ինթերֆաքս»` յղում կատարելով տեղական իշխանութիւններուն, հաղորդեց, որ ձերբակալուած են 10 անձեր: Քրեմլին յայտարարեց, որ շուրջ 2000 գործիչներու...

բրիտանիոյ խորհրդարանը «պրեքզիթ»-ի  գործարքին շուրջ քուէարկութիւն  պիտի կատարէ յունիսի սկիզբը

բրիտանիոյ խորհրդարանը «պրեքզիթ»-ի գործարքին շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարէ յունիսի սկիզբը

Բրիտանիոյ խորհրդարանը երկրին Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքզիթ»-ի վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան հետ գոյացած համաձայնագիրի շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարէ յունիսի սկիզբը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Բրիտանիոյ վարչապետին բանբերը` ամփոփելով վարչապետ Թերեզա Մէյի եւ ընդդիմադիր Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ճերըմի Քորպընի հանդիպումին արդիւնքները: 14 մայիսի երեկոյեան տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է «Պրեքզիթ»-ի իրագործման հարցը: Նախապէս վարչապետին դիւանատունը...

Տեղի Պիտի Ունենայ Լիթուանիոյ  Նախագահի Ընտրութեան Երկրորդ Փուլ

Տեղի Պիտի Ունենայ Լիթուանիոյ Նախագահի Ընտրութեան Երկրորդ Փուլ

Լիթուանիոյ մէջ որոշուած են այն թեկնածուները, որոնք կ՛անցնին նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է երկրի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի կայքին վրայ: Քուէներուն աւելի քան 30 առ հարիւրը ստացած է անկախ թեկնածու, տնտեսագէտ Կիթանաս Նաուսետան: Մէկ տոկոսէն նուազ տարբերութեամբ երկրորդ դիրք գրաւած է Հայրենիքի միութիւն-Լիթուանիոյ քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութենէն թեկնածու, երկիրի ելեւմուտքի նախկին նախարար Ինկրիտա Շիմոնիթէն: Լիթուանիոյ...

Թոպրուք Գտնուող Լիպիական Խորհրդարանը  Իսլամ Եղբայրները Նկատեց  Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն

Թոպրուք Գտնուող Լիպիական Խորհրդարանը Իսլամ Եղբայրները Նկատեց Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն

Լիպիական խորհրդարանի անդամ Զիատ Հատիա յայտնեց. «Թոպրուք գտնուող երկրին խորհրդարանը երկուշաբթի երեկոյեան Թոպրուքի մէջ գտնուող իր կերդոնատեղիին մէջ գումարած իր նիստին ընթացքին ձայներու մեծամասնութեամբ քուէարկեց ի նպաստ Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութիւնը ահաբեկչական կառոյց որակելուն»: Խորհրդարանը իր գումարած նիստի ընթացքին որդեգրած է Իսլամ եղբայրները ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատող եւ քրէականացնող որոշում մը:

Անօդաչու Թռչող Սարքեր Հարուածած Են  Խողովակաշարերու Մէջ Քարիւղ  Մղող Սէուտական Երկու Կայարաններ

Անօդաչու Թռչող Սարքեր Հարուածած Են Խողովակաշարերու Մէջ Քարիւղ Մղող Սէուտական Երկու Կայարաններ

Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթի նախարար Խալետ Ֆալեհ յայտարարեց, որ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերու ճամբով յարձակում գործուած է խողովակաշարերու մէջ քարիւղ մղող երկու կայարաններու դէմ: Սէուտցի նախարարը յայտնեց. «Այս ահաբեկչական եւ խափանարարական արարքին նպատակը միջազգային քարիւղի մատակարարումն է»` աւելցնելով, որ քարիւղի սէուտական արտածումները անխափան կը շարունակուին: Ան շեշտեց, որ այս արարքը կը հաստատէ այսպիսի խափանարարական արարքներ գործադրող բոլոր «ահաբեկչական կողմերուն», ներառեալ հուսիներու...

Քարիւղատար Նաւերու Ականահարումը  Հետաքննող Ամերիկեան Խումբը Կ՛ամբաստանէ  Իրանն Ու Անոր Աջակցութիւնը Վայելող Կողմերը

Քարիւղատար Նաւերու Ականահարումը Հետաքննող Ամերիկեան Խումբը Կ՛ամբաստանէ Իրանն Ու Անոր Աջակցութիւնը Վայելող Կողմերը

Ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ջուրերուն մօտ քարիւղատար նաւերու ականահարման շուրջ հետաքննութեան մասնակից ամերիկեան խումբին գնահատումով Իրանը կամ անոր աջակցութիւնը վայելող կողմերը կը գտնուին նաւերուն դէմ կատարուած յարձակումին ետին: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին նշեց. «Ուաշինկթըն կը հետեւի Իրանի հետ ստեղծուած կացութեան, եւ Թեհրանի կողմէ որեւէ մագլցողական քայլ պիտի ըլլայ մեծ սխալ մը, որուն պատճառով...

ՕԹԱՆ-ի Ղեկավարութեան Իրանի «Սադրանքներուն»  Մասին Տեղեկութիւններ Փոխանցելէ Ետք  Փոմփէօ. «Իրան Միջին Արեւելքի Կայունութեան  Մեծագոյն Քայքայողն Է, Եւ Ուաշինկթընի  Նպատակը Այս Կացութիւնը Սրբագրելն Է»

ՕԹԱՆ-ի Ղեկավարութեան Իրանի «Սադրանքներուն» Մասին Տեղեկութիւններ Փոխանցելէ Ետք Փոմփէօ. «Իրան Միջին Արեւելքի Կայունութեան Մեծագոյն Քայքայողն Է, Եւ Ուաշինկթընի Նպատակը Այս Կացութիւնը Սրբագրելն Է»

Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Պրայըն Հուք յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Պրիւքսելի մէջ գումարուած ժողովի մը ընթացքին ՕԹԱՆ-ի ղեկավարներուն փոխանցած է Իրանի «սադրանքներուն» վերաբերող տեղեկութիւններ: «Իրան հետզհետէ աճող սպառնալիք մը կը ներկայացնէ, եւ այս այցելութիւնը յարմար պահու էր, մինչ (Փոմփէոն, «Ա.») կ՛ուղղուի Սոչի», ըսաւ Հուք: Ըստ անոր, Փոմփէօ դաշնակիցներուն ներկայացուցած է «իրանեան սադրանքի շարք...

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Թուրքիան Ամերիկեան Ճնշումներու Տակ  Կը Յետաձգէ «Էս-400»-ներու Գնումը

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Թուրքիան Ամերիկեան Ճնշումներու Տակ Կը Յետաձգէ «Էս-400»-ներու Գնումը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիան հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ հետ` ամերիկեան ճնշումներուն պատճառով «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնումը յետաձգելու համար: Աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն անցեալ շաբաթ Թուրքիայէն պահանջած է` յետաձգել «Էս-400»-ներու յանձնման հոլովոյթը: Գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ ասիկա Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններու լարուածութեան մեղմացման նշան է: Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով «Պլումպըրկ»-ին հաղորդեց, որ...

Պաշիրի Եղբայրներէն  Մէկը Փախուստ Տուած Է Թուրքիա.  Խարթումի Նստացոյցի Վայրին Մէջ  Արձանագրուեցաւ 6 Զոհ

Պաշիրի Եղբայրներէն Մէկը Փախուստ Տուած Է Թուրքիա. Խարթումի Նստացոյցի Վայրին Մէջ Արձանագրուեցաւ 6 Զոհ

Սուտանի բժիշկներու կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարեց, որ երկուշաբթի գիշեր մայրաքաղաք Խարթումի մէջ ընթացող նստացոյցի վայրին մէջ բախումներու պատճառով 5 ցուցարարներ ու սպայ մը սպաննուած են եւ շարք մը ուրիշներ վիրաւորուած: Վիրաւորներէն ոմանց վիճակը ծանր է: Զինուորական փոխանցման խորհուրդը իր կարգին յայտարարեց, որ սպաննուած է սպայ մը եւ երեք զինուորներ վիրաւորուած են` աւելցնելով, որ որոշ կողմեր կ՛ուզեն վնաս հասցնել յեղափոխութեան: Խորհուրդը յայտնեց,...

Էմիրաթական Շրջանային Ջուրերուն Մօտ  4 Քարիւղատար Նաւերու Դէմ Խափանարարական  Յարձակումը Կ՛արժանանայ Դատապարտումի

Էմիրաթական Շրջանային Ջուրերուն Մօտ 4 Քարիւղատար Նաւերու Դէմ Խափանարարական Յարձակումը Կ՛արժանանայ Դատապարտումի

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կիրակի կէս գիշերին յայտարարեց, թէ առեւտրական 4 նաւեր միջազգային ջուրերուն մօտ ենթարկուած են խափանարարական յարձակումներու, սակայն մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած: Նախարարութիւնը նշեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է իր պատասխանատուութեան տէր կանգնի` արգիլելու համար, որ որեւէ կողմ ոտնահարէ նաւարկումի անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը` ընդգծելով, որ նաւերուն դէմ յարձակումը միջազգային անվտանգութեան ու ապահովութեան սպառնալիք կը նկատուի: Ծոցի...

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին.  Նեթանիահու, Թրամփի Աջակցութեամբ,  Այսյորդանանը Պիտի Առնէ Իսրայէլի  Գերիշխանութեան Տակ

Ըստ Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայանին. Նեթանիահու, Թրամփի Աջակցութեամբ, Այսյորդանանը Պիտի Առնէ Իսրայէլի Գերիշխանութեան Տակ

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դէմ չէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Այսրյորդանանը առնէ Իսրայէլի գերիշխանութեան տակ, ինչպէս ըրաւ բռնագրաւեալ Կոլանի պարագային: Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Թրամփ «Դարուս գործարք»-ը յետաձգած է, որպէսզի Նեթանիահուն կարելիութիւն ունենայ կազմելու իր կառավարութիւնը` աւելցնելով, թէ հաւանաբար 30 նախարարի հասնող ընդարձակ կառավարութեան մը կազմութենէն ետք, Թրամփ իր համաձայնութիւնը պիտի...

Ժողովրդավարական Ձախ Կուսակցութեան  Թեկնածուն Յետս Կոչեց Պոլիսի Քաղաքապետի  Պաշտօնին Իր Թեկնածութիւնը

Ժողովրդավարական Ձախ Կուսակցութեան Թեկնածուն Յետս Կոչեց Պոլիսի Քաղաքապետի Պաշտօնին Իր Թեկնածութիւնը

Թուրքիոյ Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութեան թեկնածու Մուամեր Այտըն յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ իր թեկնածութիւնը Պոլիսի քաղաքապետի պաշտօնին, որուն համար ընտրութիւնը պիտի կրկնուի 23 յունիսին: Այտըն «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Այսօրուընէ սկսեալ հրաժարած եմ քաղաքապետի պաշտօնին համար Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութեան թեկնածութենէն»: Անոր քայլը հաւանաբար ըլլայ ի նպաստ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Աքրամ Իմամօղլուին, որ անցեալ ամիս յաղթական հռչակուած էր` պարտութեան...

Page 532 of 884 1 … 531 532 533 … 884

Արխիւներ