Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Ղեկավարները Կը Մերժեն Եւ «Վերջնագիր» Կ՛որակեն Իրանի Կեցուածքը

May 10, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը եւ անդամ երեք պետութիւններու ղեկավարները մերժած են հիւլէական համաձայնագիրի որոշ կէտերը սառեցնելու վերաբերեալ Իրանի կեցուածքը եւ զայն «վերջնագիր» որակած: Միաժամանակ, Եւրոպական Միութեան ղեկավարները ափսոսանք յայտնած են Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատելու Միացեալ Նահանգներու որոշումին համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները Ռումանիոյ մէջ իրենց գումարած ոչ պաշտօնական հանդիպումին ընթացքին հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը, որով աջակցութիւն յայտնած են 2015-ին Իրանի եւ աշխարհի գերտէրութիւններուն կնքած հիւլէական համաձայնութեան եւ նոյն ատեն մերժած են զայն ուժի մէջ պահելու համար Թեհրանի ներկայացուցած պայմանները:

Թեհրան մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ կ՛առկախէ 2015-ին կնքուած Միացեալ եւ համապարփակ աշխատանքի ծրագիրի ծիրին մէջ իր ստանձնած կարգ մը յանձնառութիւններուն կատարումը` նշելով, որ Իրան-Վեցեակ համաձայնութեան մաս կազմող երկիրները 60 օրուան պայմանաժամ մը ունին կատարելու այդ համաձայնութեամբ իրենց ստանձնած յանձնառութիւնը` աւելցնելով, որ անոնց կու տայ «ամերիկեան պատժամիջոցները շրջանցելու ուղիներ փնտռելու ժամանակ»: Եւրոպական Միութիւնը ատիկա «անընդունելի վերջնագիր» նկատեց:

Միացեալ Նահանգներ Իրանի այդ քայլը նկատեց «շանթաժ»:

Իսլամական հանրապետութիւնը յայտնեց, որ ներկայիս, եւ մինչեւ 60 օր, պիտի չյարգէ իւրանիոմի հարստացման ճշդուած համեմատութիւնը եւ ծանր ջուրի պահեստի քանակը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ չորեքշաբթի օր Իրանի դէմ հաստատեց նոր պատժամիջոցներ` այս անգամ թիրախ դարձնելով Իրանի մետաղագործութեան եւ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտները:

Նախորդը

Սուրիական Բանակը Մուտք Գործեց Մատիք Գիւղ Եւ Անոր Պատմական Բերդը

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ Մտադիր Չէ 280 Միլիոն Եւրօ Վճարել Մպափէի Համար

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.