Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Պրայըն Հուք յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Պրիւքսելի մէջ գումարուած ժողովի մը ընթացքին ՕԹԱՆ-ի ղեկավարներուն փոխանցած է Իրանի «սադրանքներուն» վերաբերող տեղեկութիւններ:
«Իրան հետզհետէ աճող սպառնալիք մը կը ներկայացնէ, եւ այս այցելութիւնը յարմար պահու էր, մինչ (Փոմփէոն, «Ա.») կ՛ուղղուի Սոչի», ըսաւ Հուք:
Ըստ անոր, Փոմփէօ դաշնակիցներուն ներկայացուցած է «իրանեան սադրանքի շարք մը թելեր, եւ չպատասխանեց այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ Իրանը մեղսակից կը նկատե՞ն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ քարիւղատար նաւերուն դէմ կատարուած յարձակումներուն»:
Փոմփէօ ամերիկեան «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրանեան վարչակարգը Միջին Արեւելքի կայունութեան մեծագոյն քայքայողն է, եւ Միացեալ Նահանգներու նպատակը այս կացութիւնը սրբագրելն է:
«Անոնք աւելցուցին իրենց ահաբեկչական գործողութիւններն ու թեւաւոր հրթիռներու փորձարկումները, ինչպէս նաեւ մեծապէս աճեցաւ անոնց վնասաբեր վարմունքը` օգտագործելով շարք մը գոյացութիւններ, սկսելով հուսիներէն եւ հասնելով Հըզպալլային», նշեց Փոմփէօ:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, թէ այդ ամէնը տեղի ունեցած է, երբ Միացեալ Նահանգներ տակաւին հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս չէին եկած` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վճռակամ է Իրանին ստիպելու իր վարմունքը փոխել:
Ան յայտնեց, որ իր երկիրը նաեւ կ՛ուզէ ապահովել, որ շրջանին մէջ ըլլան զսպիչ ուժեր` պատշաճ ձեւով հակադարձելու համար Իրանի կողմէ շրջանին, ըլլայ այդ Իրաքի, Աֆղանիստանի, Եմէնի կամ Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ այլ տեղ տեղակայուած ամերիկեան շահերուն դէմ յարձակումի մը:
Մինչ այդ, «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան 6 պաշտօնատարներ ցնցուած են, երբ ծանօթացած են Իրաք ներխուժած ուժերուն համապատասխանող զինուորներուն թիւին, որ Փենթակոն կը ծրագրէ ուղարկել Արաբական ծոց:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փաթրիք Շանահան անցեալ հինգշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցով բարձրաստիճան օգնականներու ժողովի ընթացքին ներկայացուցած է արդիականացած ծրագիր մը, որ կը նախատեսէ 120 հազար ամերիկացի զինուորներ ուղարկել Միջին Արեւելք, եթէ Իրան յարձակում գործէ ամերիկեան ուժերուն դէմ կամ արագացնէ հիւլէական զէնքերու մարզին մէջ աշխատանքը:
Ծրագիրը պատրաստուած է Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթընի գլխաւորութեամբ ծայրայեղականներու հրամանով:
«Նիւ Եորք Թայմզ» կը գրէ, որ այդպիսի ցամաքային ուժեր, ծովուժ եւ օդուժ տեղակայելը Թեհրանին յաւելեալ թիրախներ ու պատճառ պիտի տրամադրէ, ինչ որ Միացեալ Նահանգները երկարատեւ տագնապի մէջ ներքաշելու վտանգը կ՛ընդգրկէ: Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը կ՛աւելցնէ, թէ այդպիսի քայլ մը նաեւ կը շրջէ 2011-ին Իրաքէն ամերիկեան ուժերը հեռացնելու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի հրամանով սկսած Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ուժերու կրճատման հոլովոյթը: