Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Յառաջիկայ Շաբաթ Հերթական Լայնածաւալ Ռազմափորձ Պիտի Կատարէ

May 17, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական բանակը յառաջիկայ երկուշաբթի պիտի սկսի հերթական լայնածաւալ ռազմափորձի` 10 հազար զինուորներու մասնակցութեամբ:

«Ազատութիւն»-ը կը նշէ, որ ասիկա ազրպէյճանական զինեալ ուժերու այս ամսուան արդէն երկրորդ, իսկ վերջին տասը ամիսներու ընթացքին` երրորդ լայնածաւալ ռազմափորձն է:

Ըստ ազրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրներու, մարտավարական ռազմափորձերը անձամբ պիտի ղեկավարէ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ, 20-24 մայիսի քառօրեայ ռազմափորձերուն ընթացքին պիտի խաղարկուի պաշտպանական-հակայարձակողական բեմագրութիւն: «Նպատակը հակառակորդի գիշերային յարձակման ընթացքին, դժուար կլիմայական պայմաններու մէջ տարբեր ուղղութիւններով հակահարուած հասցնելն է», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ, որ նաեւ նշուած է, որ, բացի մեծաթիւ զինուորներէ, ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին նաեւ 150 հրասայլեր եւ այլ սպառազինութիւն, մինչեւ 200 հրթիռահրետանային զինատեսակ, հրասանդներ եւ համազարկային կրակոցի համակարգեր, մինչեւ 35 ուղղաթիռ եւ օդանաւ:

Ազրպէյճանական բանակի նախորդ մեծ ռազմափորձերը տեղի ունեցած էին մարտին` երկիրի նախագահ, զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատար Իլհամ Ալիեւի հաստատած ծրագիրի ծիրին մէջ, մինչեւ 10 հազար զինուորներու, 500 հրասայլերու, 300 հրթիռահրետանային համակարգերու, օդուժի եւ այլ ծանր զէնքերու մասնակցութեամբ:

Ընդամէնը երկու շաբաթ առաջ Պաքուի մէջ աարտած էին «Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրք-2019» անունը կրող թուրք-ազրպէյճանական ռազմափորձերը` մասնակցութեամբ շուրջ 60 սպառազինութեան, 30 հակահրասայլային, հրետանային սպառազինութեան, շուրջ 20 ռազմափոխադրական ուղղաթիռներու, երկու երկիրներու հակաօդային պաշտպանութեան եւ հակահրթիռային համակարգերու:

«Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութեան ազրպէյճանական ծառայութեան համաձայն, Պաքու 20-24 մայիսին նախատեսուած լայնածաւալ ռազմափորձերուն մասին տեղեկացուցած է միջազգային կառոյցներուն: Այդ մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Վագիֆ Տարիախլին:

 

Նախորդը

Անգարա. «Մտահոգութեամբ Կը Հետեւինք Յունաստանի` Ահաբեկչական Կազմակերպութիւններու Ապաստանարանի Վերածուելուն»

Յաջորդը

Սպիտակ Տունը Կը Զգուշացնէ Իրանը. «Իրան Պատերազմի Չի Ձգտիր, Սակայն Ուժեղ Կերպով Պաշտպանած Է Ու Պիտի Պաշտպանէ Իր Շահերը» Կ՛ըսէ Զարիֆ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.