Սէուտական Արաբիոյ ուժանիւթի նախարար Խալետ Ֆալեհ յայտարարեց, որ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերու ճամբով յարձակում գործուած է խողովակաշարերու մէջ քարիւղ մղող երկու կայարաններու դէմ:
Սէուտցի նախարարը յայտնեց. «Այս ահաբեկչական եւ խափանարարական արարքին նպատակը միջազգային քարիւղի մատակարարումն է»` աւելցնելով, որ քարիւղի սէուտական արտածումները անխափան կը շարունակուին:
Ան շեշտեց, որ այս արարքը կը հաստատէ այսպիսի խափանարարական արարքներ գործադրող բոլոր «ահաբեկչական կողմերուն», ներառեալ հուսիներու ուժերը դիմակայելու կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ եմէնական զինուորական աղբիւր մը հուսիներուն պատկանող «Մասիրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր, որ «սէուտական թիրախներու դէմ զինուորական մեծ գործողութիւն մը գործադրուած է»` աւելցնելով. «7 անօդաչու թռչող սարքեր յարձակումներ գործեցին սէուտական կենսական կառոյցներու դէմ»:
Աղբիւրը շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են այսպիսի յաւելեալ ծանր հարուածներ հասցնելու, եթէ «անիրաւ յարձակումն ու պաշարումը շարունակուի»:
Սէուտական կայարաններուն դէմ յարձակումի լուրի հրապարակումէն անմիջապէս ետք միջազգային շուկային մէջ քարիւղին գինը բարձրացաւ 1 առ հարիւրով: Սէուտական սակարանի գլխաւոր ցուցանիշը իր կարգին 8,3 կէտի նահանջ մը արձանագրեց, որովհետեւ սակարանին մէջ արձանագրուած 192 ընկերութիւններէն 162-ը մեծ անկում կրեցին: