Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշիրի Եղբայրներէն Մէկը Փախուստ Տուած Է Թուրքիա. Խարթումի Նստացոյցի Վայրին Մէջ Արձանագրուեցաւ 6 Զոհ

Մայիս 15, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուտանի բժիշկներու կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարեց, որ երկուշաբթի գիշեր մայրաքաղաք Խարթումի մէջ ընթացող նստացոյցի վայրին մէջ բախումներու պատճառով 5 ցուցարարներ ու սպայ մը սպաննուած են եւ շարք մը ուրիշներ վիրաւորուած: Վիրաւորներէն ոմանց վիճակը ծանր է:

Զինուորական փոխանցման խորհուրդը իր կարգին յայտարարեց, որ սպաննուած է սպայ մը եւ երեք զինուորներ վիրաւորուած են` աւելցնելով, որ որոշ կողմեր կ՛ուզեն վնաս հասցնել յեղափոխութեան:

Խորհուրդը յայտնեց, որ նախանձախնդիր է քաղաքացիներու ապահովութեան ու անվտանգութեան եւ ոչ իսկ մէկ փամփուշտ արձակած է: Խորհուրդը ամբաստանեց յեղափոխութեան վնաս պատճառել ուզող ու ներթափանցած զինեալ կողմեր, որոնք նեղացած են արձանագրուած արդիւնքէն:

Զինուորական փոխանցման խորհուրդը յայտնեց, որ Ազատութեան ու փոփոխութեան հռչակագիրի ուժերուն հետ բանակցութիւնները բարեկամական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած են, իսկ փողոցը մագլցում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ զինեալ ուժերու սպաները շանթաժի ենթարկուած են եւ քաոսը չեն հանդուրժեր:

Խորհուրդը դարձեալ նշեց, որ նստացոյցը բռնի ուժով պիտի չցրուէ, սակայն նստացոյցէն դուրս ապահովական ոտնձգութիւնները պիտի չարտօնէ:

Սուտանցի արհեստաւորներու միութիւնը «Թուիթըր»-ի վրայ իր համակիրներուն կոչ ուղղեց շարունակելու զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան առջեւ նստացոյցը:

Միւս կողմէ, Սուտանի զինուորական փոխանցման խորհուրդը յայտարարեց, որ պաշտօնազրկուած նախագահ Օմար Պաշիրի միայն մէկ եղբայրը` Ապտալլան ձերբակալած է եւ ոչ թէ երկուքը, ինչպէս նախապէս յայտարարած էր` աւելցնելով, որ երկրորդ եղբայրը` Ապպասը, յաջողած է փախուստ տալ Թուրքիա:

 

 

 

Նախորդը

Չինաստանը Պատրաստ Է Մասնակցելու Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղիի Կառուցման Ու Այլ Ծրագիրներու Իրականացման

Յաջորդը

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Թուրքիան Ամերիկեան Ճնշումներու Տակ Կը Յետաձգէ «Էս-400»-ներու Գնումը

RelatedPosts

Իզմիրի Մէջ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի,  Միացեալ Նահանգներու Եւ Փաքիստանի  Մասնակցութեամբ Միացեալ Ռազմափորձեր
Միջազգային

Իզմիրի Մէջ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Միացեալ Նահանգներու Եւ Փաքիստանի Մասնակցութեամբ Միացեալ Ռազմափորձեր

Դեկտեմբեր 4, 2025
Ռուպիօ. «Վենեզուելան Իրանին Եւ Մինչեւ  Իսկ Հըզպալլային Յենարան Կ՛ապահովէ»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Վենեզուելան Իրանին Եւ Մինչեւ Իսկ Հըզպալլային Յենարան Կ՛ապահովէ»

Դեկտեմբեր 4, 2025
Թրամփ. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Իսրայէլ  Սուրիոյ Հետ Ուժեղ Եւ Իսկական  Երկխօսութիւնը Պահպանէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Իսրայէլ Սուրիոյ Հետ Ուժեղ Եւ Իսկական Երկխօսութիւնը Պահպանէ»

Դեկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?