Կիզայի Մէջ Եգիպտական Թանգարանին Մօտ Զբօսաշրջական Փոխադրակառքի Դէմ Ականահարում
Եգիպտական ապահովական երկու աղբիւրներ հաղորդեցին, որ մայրաքաղաք Գահիրէի մօտ գտնուող Կիզա քաղաքին մէջ բուրգերու շրջանին մէջ գտնուող նոր թանգարանին առջեւ ականահարուած է զբօսաշրջական փոխադրակառք մը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ դէպքին պատճառով վիրաւորուած են 17 անձեր: «Մայատին» հաղորդեց, որ 17 վիրաւորներու շարքին են 10 եգիպտացիներ եւ 7 հարաւային ափրիկէցիներ: Անոնց մեծամասնութիւնը ստացած է թեթեւ կամ միջին տարողութեամբ վէրքեր եւ...



















