Թուրքիոյ Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութեան թեկնածու Մուամեր Այտըն յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ իր թեկնածութիւնը Պոլիսի քաղաքապետի պաշտօնին, որուն համար ընտրութիւնը պիտի կրկնուի 23 յունիսին:
Այտըն «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Այսօրուընէ սկսեալ հրաժարած եմ քաղաքապետի պաշտօնին համար Ժողովրդավարական ձախ կուսակցութեան թեկնածութենէն»:
Անոր քայլը հաւանաբար ըլլայ ի նպաստ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Աքրամ Իմամօղլուին, որ անցեալ ամիս յաղթական հռչակուած էր` պարտութեան մատնելէն ետք իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու, նախկին վարչապետ եւ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմը: Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը, սակայն, անցեալ երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ քաղաքապետի ընտրութիւնը պէտք է կրկնուի:
Այտըն յանձնախումբի որոշումը նկատած է անօրինական:
Նշենք, որ 31 մարտին տեղի ունեցած ընտրութեան ընթացքին ան աւելի քան 30 հազար քուէ ստացած էր, իսկ Իմամօղլու, 13 հազար ձայնի առաւելութեամբ, յաղթանակ արձանագրած էր: