Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու տեղակալ Էլիսըն Հուքըրի հետ: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Անոնք ողջունած են 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը` ընդգծելով երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման միացեալ ջանքերու կարեւորութիւնը:
«Անոնք նաեւ ընդգծած են շրջանային կայունութեան, ուժանիւթային անվտանգութեան եւ փոխադրամիջոցային միջանցքներու ընդլայնման ոլորտին մէջ համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:
«Այս ծիրին մէջ նշուած է Ազրպէյճանի շահագրգռուածութիւնը` արագացնելու Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրականացուող աշխատանքները «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար Թրամփի ուղի»-ի ծիրին մէջ, որ ուղղուած է Ազրպէյճանի հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ անխոչընդոտ կապ ապահովելուն», ըսած է նախարարութիւնը:


