Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Իսրայէլի քաղաքականութիւնը յստակ է` պաղեստինեան պետութիւն մը պիտի չըլլայ»:
Ան նաեւ յայտարարեց. «Իսրայէլեան բանակը Հերմոն լերան եւ Ապահովական գօտիին մէջ պիտի մնայ»:
«Կազան մինչեւ վերջին փապուղին պիտի զինաթափուի, իսրայէլեան բանակը Դեղին գօտիին մէջ Համաս շարժումէն զէնքը պիտի խլէ, իսկ հին Կազայի մէջ այդ մէկը պիտի կատարուի Միջազգային ուժին կամ իսրայէլեան բանակին ձեռամբ», յայտնեց Քաց:
Նշենք, որ Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ շաբաթ օր խօսքը Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ուղղելով յայտնեց. «Պէտք է բանաձեւես պատշաճ եւ խիստ պատասխան մը, որ ամբողջ աշխարհին յստակ կը դարձնէ, թէ պաղեստինեան պետութիւն մը երբեք պիտի չըլլայ»:


