«Թուրքիոյ «Էս-400»-ներու Մատակարարումները Նախատեսուած Ժամկէտէն Արագ Կ՛ընթանան» Կ՛ըսէ Փեսքով
Թուրքիոյ «Էս-400» համակարգերու մատակարարումները` թրքական կողմին խնդրանքով, նախատեսուած ժամկէտէն արագ կ՛ընթանան: «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Ամէն ինչ ըստ ծրագրուածին է: Որեւէ ուշացում չկայ, ամէն բան բնական է», աւելցուցած է ան: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու արտադրութեան ծրագիրին մէջ Թուրքիոյ դերին վերաբերեալ տեղեկութիւն ունեցող երկու աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն...




















