Եքաթերինպուրկի մէջ ռուսական ուղղափառ եկեղեցւոյ կառուցման շուրջ գայթակղալից զարգացումներէն ետք, Ռուսիոյ երկու այլ քաղաքներու` Չելիապինսքի եւ Քրասնոյարսքի մէջ եւս մերժած են հանրային վայրերու մէջ եկեղեցիներ կառուցելու մտադրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Չելիապինսքի քաղաքապետ Վլատիմիր Ելիսթրաթով ըսած է, թէ Հարաւուրալեան պետական համալսարանին յարող այգիին մէջ եկեղեցի կառուցելու ծրագիրը սառեցուած է:
«Պէտք է հաշուի առնել Եքաթերինպուրկի պատմութիւնը, եկեղեցի պիտի չկառուցուի, այնքան ատեն որ տակաւին չենք գիտեր բնակիչներու կարծիքը», ըսած է քաղաքապետը:
Քրասնոյարսքի քաղաքապետ Սերկէյ Երիոմին իր կարգին կասեցուցած է քաղաքային այգիին մէջ ուղղափառ եկեղեցւոյ կառուցումը:
Եքաթերինպուրկի մէջ հանրային այգիի մէջ եկեղեցի կառուցելու նախաձեռնութիւնը բողոքի ցոյցերու առիթ դարձած է: Քաղաքի իշխանութիւններն ու Ռուս ուղղափառ եկեղեցին կ՛ուզէին Ս. Քաթերինայի եկեղեցին վերակառուցել Եքաթերինպուրկի հիմնադրութեան 300-ամեակին առիթով:
Ժողովրդային բողոքներէն ետք, եկեղեցւոյ կառուցումը անորոշ ժամանակով սառեցուած է, սակայն այդ շինարարական ծրագիրի ղեկավար Ալեքսանտր Ատրէեւ յոյս յայտնած է, թէ եկեղեցին ուշ կամ կանուխ պիտի կառուցուի:
Սվերտլովսք շրջանի նահանգապետ Եւկենի Քույվաշեւ յայտնած է, որ եկեղեցւոյ կառուցման հարցով վերջնական որոշումը պիտի տրուի Եքաթերինպուրկի մէջ հարցախոյզի կատարումէն ետք: