Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ կարիքը չկայ ամերիկեան յաւելեալ ուժեր ուղարկելու Միջին Արեւելք:
Թրամփ յայտնեց, որ յաւելեալ ուժեր պիտի ուղարկէ, եթէ անհրաժեշտ նկատուի: «Չեմ կարծեր, թէ անոնց կարիքը ունինք: Անոնց պէտք չունիմ: Հաստատօրէն ուժեր պիտի ուղարկեմ, եթէ անոնց կարիքը զգանք: Իրան շատ վտանգաւոր դերակատար մըն է եւ շատ վատ դերակատար մը: Չեմ կարծեր, թէ այդ ուժերուն կարիքը պիտի ունենամ, սակայն եթէ ունենամ անոնք պիտի տրամադրուին մեր պէտք ունեցած թիւով», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փաթրիք Շանահան յայտնած էր, որ իր երկիրը կը սերտէ Միջին Արեւելքի մէջ իր ուժերը պաշտպանելու համար յաւելեալ ուժեր ապահովելու հարցը` դիմակայելու համար Իրանը, «եթէ սխալ հաշիւներ կատարէ»:
«Կ՛ուզեմ միայն կարգ մը մեկնաբանութիւններ կատարել գործողութեան մասին: Գոյութիւն չունին 10 հազար ամերիկացի զինուորներ կամ նոյնիսկ 5 հազար զինուորներ: Ատիկա ճշգրիտ չէ: Ատիկա ճիշդ թիւը չէ: Ներկայիս կեդրոնացած ենք այն հարցին վրայ, թէ Միջին Արեւելքի մէջ պաշտպանութեան պատճաշ ուժ ունենանք: Կ՛ուզենք խուսափիլ իրանեան սխալ գնահատանքի վտանգէն, ուստի կը կարծեմ, թէ այդ մեկնաբանութիւնները արդար չեն: Մեր առաքելութիւնը սանձումն է: Ասիկա պատերազմ չէ: Միջին Արեւելքի մէջ ունինք առաքելութիւն մը` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, Եմէնի մէջ Քայիտան պարտութեան մատնելը, ապա Իսրայէլի եւ Յորդանանի անվտանգութիւնը», նշած էր Շանահան:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի, իր կարգին, յայտնած էր, որ Թեհրան «ամերիկեան ճնշումին տակ անձնատուր պիտի չըլլայ եւ պիտի չդադրի իր նպատակներու հետապնդումէն նոյնիսկ եթէ ռմբակոծումի ենթարկուի»: