Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն. «Ուաշինկթըն Կ՛ուզէ Զսպել Իրանը, Եւ Ոչ Թէ Անոր Դէմ Պատերազմ Մղել»

May 23, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Փաթրիք Շանահան Քոնկրեսի մէջ լսումէն ետք յայտարարեց. «Ուաշինկթըն կ՛ուզէ զսպել Իրանը, եւ ոչ թէ անոր դէմ պատերազմ մղել»:

Ան յայտնեց, որ Իրանի նկատմամբ իր երկրին կեցուածքը կը վերաբերի զսպումի, եւ ոչ թէ պատերազմի:

Շանահան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ, Միջին Արեւելքի մէջ ուժեր տեղակայելով, կանխարգիլեցին հաւանական յարձակումներու շղթայազերծումը` աւելցնելով, որ ներկայ հանգրուանին ամէնէն շատ կեդրոնացումը իրանեան սխալ հաշուարկ մը արգիլելուն վրայ է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ իր կարգին յայտարարեց. «Ամերիկեան վարչակազմը Քոնկրեսի օրէնսդիրներուն նոր փաստեր ներկայացուց իրանեան սպառնալիքներու վերաբերեալ»:

«Միացեալ Նահանգներ տակաւին վերջնական եզրակացութեան չէ յանգած էմիրաթական Ֆուժէյրա նաւահանգիստին մօտ քարիւղատար նաւերուն եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ քարիւղի մղման երկու կայարաններուն դէմ վերջին յարձակումներուն վերաբերեալ», ըսաւ Փոմփէօ:

«Իրանին շատ յստակ յայտնեցինք, թէ պիտի չարտօնենք, որ իր գործակատար ուժերուն ետին թաքնուի, եւ եթէ ամերիկեան շահերը ուղղակիօրէն Իրանի կամ անոր գործակատարներուն կողմէ յարձակումի ենթարկուին, ապա պատշաճ կերպով պիտի հակադարձենք Իրանին», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ Մայքըլ Մքոլ յայտնեց, որ Իրանի եւ անոր գործակալներուն կողմէ մագլցում նկատած է` աւելցնելով, թէ Ուաշինկթըն ատիկա նուազեցնելու ծրագիր մը ունի:

«Տարածաշրջանին մէջ պատերազմ շղթայազերծելու նպատակ չունինք», նշեց քոնկրեսականը:

Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Հիշմեթալլա Ֆլահապիչէ յայտնեց, որ Ծոցի մէջ ամերիկեան ուժերու վերադասաւորման նպատակը շրջանին մէջ պատերազմի շղթայազերծումն է:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Անգարային Երկու Շաբաթ Տուած Է` «Էս-400»-ներու Մատակարարման Գործարքը Ջնջելու

Յաջորդը

Չելսի Քոնթէին Պիտի Վճարէ 9 Միլիոն Սթերլինկ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.