Միջազգային

Քուշներ Վստահ Չէ, Որ Պաղեստինցիները  Ունակ Են Ինքնակառավարման` Առանց Իսրայէլի

Քուշներ Վստահ Չէ, Որ Պաղեստինցիները Ունակ Են Ինքնակառավարման` Առանց Իսրայէլի

Միացեալ Նահանգներու նախագահի աւագ խորհրդական ու փեսայ Ճարետ Քուշներ անվստահութիւն յայտնած է առանց Իսրայէլի մասնակցութեան պաղեստինցիներու ինքնակառավարման ունակութեան նկատմամբ: «Յոյս կայ, որ ժամանակի ընթացքին անոնք պիտի կարենան կառավարուելու ունակ դառնալ», յայտնած է ան` պատասխանելով «Աքսիոս» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին այն հարցումին, թէ պաղեստինցիները արդեօք պիտի կարենա՞ն իրենք զիրենք կառավարել: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»: Քուշներ նշած է, որ պաղեստինցիներուն...

Թեհրանի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ  Միջնորդութեան Զուիցերիական Փորձ

Թեհրանի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Միջնորդութեան Զուիցերիական Փորձ

Փոմփէօ. «Իրան Պէտք Է Հըզպալլան Ֆինանսաւորելէ Եւ Սուրիական Պատերազմին Միջամտելէ Դադրի» Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկնազիօ Քասիսի երէկ Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը աշխատանք կը տանի Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ միջնորդութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ Փոմփէոյի հետ քննարկած է «այն դերը, որ կրնայ Զուիցերիան կատարել...

Ուաշինկթըն Կ՛ուզէ Քիեւին Շնորհել ՕԹԱՆ-էն  Դուրս Գլխաւոր Դաշնակիցի Կարգավիճակ

Ուաշինկթըն Կ՛ուզէ Քիեւին Շնորհել ՕԹԱՆ-էն Դուրս Գլխաւոր Դաշնակիցի Կարգավիճակ

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է օրինագիծ մը, որ կը նախատեսէ Ուքրանիոյ շնորհել ՕԹԱՆ-էն դուրս գլխաւոր դաշնակիցի կարգավիճակ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Կարգավիճակը պիտի գործէ այնքան ատեն որ Ուքրանիան չէ անդամակցած ՕԹԱՆ-ին: Նախագիծը նաեւ կը նախատեսէ Ուքրանիոյ մատակարարել հակահրասայլային, հակաօդային պաշտպանութեան զինատեսակներ, ինչպէս նաեւ համացանցային անվտանգութեան միջոցներու մատակարարում` զայն «ռուսական նախայարձակումէն» պաշտպանելու...

Ռուսիան Պիտի Մասնակցի  ԵԽԽՎ-ի Նստաշրջանին, Եթէ…

Ռուսիան Պիտի Մասնակցի ԵԽԽՎ-ի Նստաշրջանին, Եթէ…

Ռուսիոյ Տումայի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Սլուցքի յայտարարած է, թէ Ռուսիան տակաւին կրնայ մասնակցիլ Եւրոպական խորհուրդ խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նստաշրջանին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Սլուցքի յայտնած է, թէ ներկայիս կը շարունակուին քաղաքական խումբերու հետ բանակցութիւնները, եւ ամէն օր աւելի կը մեծնայ կառուցողական որոշում տալու հաւանականութիւնը: Ռուսիոյ խորհրդարանի անդամը նաեւ նշած է, որ Ռուսիան պիտի մասնակցի...

«Մեր Հողերուն Դէմ Որեւէ Կրակոց Պիտի  Չհանդուրժենք Եւ Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք  Մեր Դէմ Կատարուած Որեւէ Յարձակումի»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

«Մեր Հողերուն Դէմ Որեւէ Կրակոց Պիտի Չհանդուրժենք Եւ Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Մեր Դէմ Կատարուած Որեւէ Յարձակումի» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ երէկ «Սուրիայէն Կոլանի դէմ ռումբերու արձակումէն ետք» կատարած է անվտանգութեան վերաբերեալ խորհրդակցութիւններ, որոնց ընթացքին իսրայէլեան բանակին յանձնարարած է «խիստ գործողութիւն մը» կատարել: Նեթանիահու նշեց, որ Իսրայէլ իր հողերուն դէմ որեւէ կրակոց պիտի չհանդուրժէ, «եւ ուժեղ կերպով պիտի հակադարձենք մեր դէմ շղթայազերծուած որեւէ յարձակումի: Այս է քաղաքականութիւնս, եւ զայն պիտի շարունակենք կիրարկել` երաշխաւորելու համար Իսրայէլի...

Թրամփ Շնորհակալութիւն  Յայտնած Է Էրտողանին

Թրամփ Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Էրտողանին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ` ՆԱՍԱ-ի աշխատակից Սերքան Կէօլկէի ազատ արձակման հարցին մէջ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ցուցաբերած գործակցութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը: «Իմացայ, թէ բանտէն տեղափոխուած է տնային կալանքի: Մօտ օրէն Ամերիկա պիտի տեղափոխուի: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Էրտողանին` իր ցուցաբերած օգնութեան համար», յայտարարած է Թրամփ: Կէօլկէն ձերբակալուած...

ԱՊՀ-ի Անդամ Երկիրներու Ղեկավարները  Պիտի Հանդիպին 11 Հոկտեմբերին

ԱՊՀ-ի Անդամ Երկիրներու Ղեկավարները Պիտի Հանդիպին 11 Հոկտեմբերին

ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի աշնանային նիստը տեղի պիտի ունենայ 11 հոկտեմբերին` Թուրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է ԱՊՀ-ի գործադիր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ: Ան նշած է, որ նախապատրաստական աշխատանքները արդէն սկսած են, նաեւ աւելցուցած, թէ պիտի ստորագրուին շարք մը կարեւոր որոշումներ:

Արաբական Վեհաժողովը Կը Քննադատէ  Իրանը, Իրաք Կը Մերժէ  Վեհաժողովի Հաղորդագրութիւնը

Արաբական Վեհաժողովը Կը Քննադատէ Իրանը, Իրաք Կը Մերժէ Վեհաժողովի Հաղորդագրութիւնը

Իրաք մերժեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուած արաբական վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը` յայտարարելով, որ ինք չէ մասնակցած ատոր բանաձեւման: Հաղորդագրութիւնը քննադատեց հուսիներուն քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով Սէուտական Արաբիոյ Ռիատի շրջանի Տաուամի եւ Աֆիֆ նահանգներուն մէջ քարիւղի մղման երկու կեդրոններուն դէմ կատարուած յարձակումը` զայն նկատելով շրջանային անվտանգութիւնը եւ միջազգային տնտեսութիւնը վտանգող «ահաբեկչական» արարք: Վեհաժողովը զօրակցութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ` ընդդէմ ահաբեկչական սպառնալիքներուն եւ վերջիններուս...

Փոմփէօ. «Ծոցի Մէջ Քարիւղատար Նաւերուն Դէմ  Յարձակումներուն Պատասխանատուն Իրանն Է»

Փոմփէօ. «Ծոցի Մէջ Քարիւղատար Նաւերուն Դէմ Յարձակումներուն Պատասխանատուն Իրանն Է»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ անցեալ ամիս Արաբական ծոցին մէջ քարիւղատար նաւերուն դէմ կատարուած յարձակումին պատասխանատուութեամբ ամբաստանեց Իրանը` նշելով, որ Թեհրան այդ ձեւով փորձ կատարած է միջազգային շուկային մէջ քարիւղի գինը բարձրացնելու: Փոմփէօ Ուաշինկթընէն Եւրոպա մեկնելէ կարճ ժամանակ առաջ լրագրողներուն ըսաւ. «Անոնք իրանեան փորձեր էին աշխարհի տարածքին քարիւղի գինը բարձրացնելու»: Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն նախապէս...

«Պիտի Պատժենք Որեւէ Երկիր,  Որ Իրանէն Քարիւղ Կը Գնէ»  Կ՛ըսէ Հուք

«Պիտի Պատժենք Որեւէ Երկիր, Որ Իրանէն Քարիւղ Կը Գնէ» Կ՛ըսէ Հուք

Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Պրայըն Հուք յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի պատժեն որեւէ երկիր, որ Իրանէն քարիւղ կը գնէ այդ գծով պայմանաժամէն` 2 մայիսէն ետք: Ան շեշտեց, որ Ուաշինկթըն պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ, «նոյնիսկ եթէ երկիր մը չյարգէ ներածման բարձրագոյն քանակը, որուն շուրջ բանակցած է»: «Մեր քաղաքականութիւնը հաստատ է` ամբողջովին դադրեցնել իրանեան քարիւղի գնումը, եւ վերջ», ընդգծեց Հուք: Ամերիկեան...

«Ռուսիան Պատրաստ Է Իրանի Եւ Ծոցի  Երկիրներուն Միջեւ Ուժ Չկիրարկելու  Համաձայնութեան Կնքման Օժանդակելու»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Ռուսիան Պատրաստ Է Իրանի Եւ Ծոցի Երկիրներուն Միջեւ Ուժ Չկիրարկելու Համաձայնութեան Կնքման Օժանդակելու» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Մոսկուան պատրաստ է իր աջակցութիւնը տրամադրելու Իրանի եւ Արաբական ծոցին միջեւ ուժ չկիրարկելու համաձայնութեան կնքման: Լաւրով Թոքիոյի մէջ իր ճափոնցի պաշտօնակից Թարօ Քոնոյի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ Թեհրանի եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն միջեւ ուժ չկիրարկելու շուրջ համաձայնութեան կնքման նախաձեռնութիւնը «այդ ուղղութեամբ քայլ մը կը նկատուի, եւ տեղեակ եմ, թէ Արաբական...

Թուրքիա Կը Քննարկէ  «Էս-400»-ները Միջերկրական  Ծովուն Մէջ Տեղակայելու Հարցը

Թուրքիա Կը Քննարկէ «Էս-400»-ները Միջերկրական Ծովուն Մէջ Տեղակայելու Հարցը

Թուրքիան մտադիր է ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը տեղակայել երկրի հարաւային ափերուն մօտ, ուր կը կատարուին ուժանիւթային աղբիւրներու որոնողական աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպերկ»` նշելով, որ այս տեղեկութիւնները հաղորդած են այդ քննարկումներէն տեղեակ 4 անձեր: «Էս-400»-ներու առաջին քանակի մատակարարումը կը նախատեսուի մօտակայ շաբաթներուն ընթացքին: Ի դէպ, Էրտողանն ու Թրամփը մօտ օրէն տեղի ունենալիք Քսաններու խմբակի վեհաժողովին մէջ պիտի քննարկեն...

«Հարիւրաւոր Ահաբեկիչներ Կը Գտնուին  Թրիփոլիի Եւ Թուրքիոյ Մէջ»  Կ՛ըսէ Լիպիական Ազգային Բանակի Բանբերը

«Հարիւրաւոր Ահաբեկիչներ Կը Գտնուին Թրիփոլիի Եւ Թուրքիոյ Մէջ» Կ՛ըսէ Լիպիական Ազգային Բանակի Բանբերը

Լիպիական ազգային բանակի բանբեր Ահմետ Միսմարի յայտարարեց, թէ «եգիպտական իշխանութիւններուն յանձնեցինք ահաբեկիչներ, որոնց շարքին է Հիշամ Աշմաուին»` նշելով, որ վերջինս ահաբեկչական խմբաւորումներու մարզումի պատասխանատուն է: «Օտար կողմեր Լիպիոյ մէջ ահաբեկիչներուն եւ շրջանին մէջ անոնց տեղափոխութեան կ՛աջակցին», ըսաւ զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած բանակին բանբերը` նշելով. «Լիպիական բանակը կը կռուի յանուն խաղաղութեան եւ միջազգային անվտանգութեան»: «2018-ին Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ փնտռուած ամէնէն վտանգաւոր...

«Չենք Ընդունիր Եւրոպական  Միութեան Քննադատութիւնները»  Կ՛ըսէ Քայմաքճը

«Չենք Ընդունիր Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնները» Կ՛ըսէ Քայմաքճը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆարուք Քայմաքճը դժգոհութիւն յայտնած է Եւրոպական յանձնաժողովի` Թուրքիոյ ուղղուած քննադատութիւններ բովանդակող 2019-ի ընդլայնման թղթածրարին վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը: «Անկարելի է, որ ընդունինք զեկուցում մը, որուն մէջ տեղ գտած են անօրէն եւ անհամաչափ քննադատութիւններ: Թուրքիան անդամակցութեան պայմանները կատարելու համար պէտք է կարենայ անդամ ըլլալ: Զեկուցումին մէջ չմտածուած արտայայտութիւններ կան Թուրքիոյ` եւրոպական արժէքներէն հեռանալու...

Իսրայէլի Մէջ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Պիտի Կրկնուին.  Քնեսեթը Ինքզինք Լուծարեց

Իսրայէլի Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Պիտի Կրկնուին. Քնեսեթը Ինքզինք Լուծարեց

Իսրայէլի խորհրդարանը` Քնեսեթը ինքզինք լուծարեց եւ Իսրայէլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով խորհրդարանական ընտրութիւնները կրկնելու որոշում տուաւ: Այս մասին յայտարարեց Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտելշթայն: Խորհրդարանի ինքնալուծարման օրինագիծին թեր քուէարկեցին 74 երեսփոխաններ, իսկ դէմ` 45 երեսփոխաններ: Քնեսեթի նախագահը նշեց, որ մինչեւ ինքնալուծարումը խորհրդարանը յաւելեալ երկու նիստեր պիտի գումարէ: Նիստի ընթացքին բոլոր երեսփոխանները Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարած աջակողմեան «Լիքուտ» կուսակցութեան...

ՄԱԿ Վերջնագիր Ներկայացուցած Է Թուրքիոյ

ՄԱԿ Վերջնագիր Ներկայացուցած Է Թուրքիոյ

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնախումբը Թուրքիայէն պահանջած է ազատ արձակել 2017-ին Մալեզիոյ մէջ ձերբակալուած երկու մտաւորականներ: 2017-ին Իսմեթ Էօզչելիք եւ «Թայմ Ինթըրնեշընըլ» դպրոցի տնօրէն Թուրքայ Քարաման ձերբակալուած էին Մալեզիոյ մէջ եւ յանձնուած Թուրքիոյ: Թուրքիոյ պահանջով ձերբակալուած գրողները կը մեղադրուէին երկրին մէջ արգիլուած կիւլենական շարժումին անդամ ըլլալու յանցանքով: ՄԱԿ այս պահանջը կատարելու համար Թուրքիոյ տուած է 180 օրուան պայմանաժամ: Այս մասին կը...

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն  Զէնք Մատակարարել Ուքրանիոյ»  Կ՛ըսէ Վոլքըր

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Զէնք Մատակարարել Ուքրանիոյ» Կ՛ըսէ Վոլքըր

Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն տարատեսակ զէնք մատակարարել Ուքրանիոյ եւ այդ հարցին շուրջ խորհուրդ պիտի տան Քիեւին: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Քուրթ Վոլքըր: «Ուքրանիան, ինչպէս աշխարհի որեւէ այլ երկիր, ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի», յայտնած է Վոլքեր` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են բաւարարելու Ուքրանիոյ պաշտպանութեան ապահովման արդարացուած պահանջները»: «Մենք Ուքրանիոյ հետ...

Հարաւային Ափրիկէի Պատմութեան Մէջ  Առաջին Անգամ Ըլլալով  Նախարարներուն Կէսը Կիներ Են

Հարաւային Ափրիկէի Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Նախարարներուն Կէսը Կիներ Են

Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Սիրիլ Ռամաֆոսա յայտարարեց կազմութիւնը նոր նախարարաց խորհուրդի մը, որուն անդամներուն կէսը կիներ են, եւ աթոռներու թիւը 36-էն նուազեցուած է 28-ի: Նշենք, որ Ռամաֆոսա անցեալ տարի ստանձնեց նախագահի պաշտօնը, երբ փտածութեան հարցերու մեղսակցութեան համար իշխանութենէն հեռացուեցաւ նախկին նախագահ Ճէյքըպ Զուման, որ նախարարներու թիւը բարձրացուցած էր` իր ազդեցութեան ցանցը ամրապնդելու համար: Ռամաֆոսա իր նախորդը քննադատելով յայտնեց. «Ափրիկեան ազգային քոնկրես...

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Յանձնարարէ  Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ  Բանակցութիւններու Սկսիլ Հիւսիսային  Մակեդոնիոյ Եւ Ալպանիոյ Հետ

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Յանձնարարէ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւններու Սկսիլ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Եւ Ալպանիոյ Հետ

Եւրոպական յանձնաժողովը Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կը յանձնարարէ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ եւ Ալպանիոյ հետ բանակցութիւններու սկսիլ այդ երկիրները Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ ընդունելու շուրջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարեց դրացնութեան եւրոպական քաղաքականութեան եւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հան` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ: «Եւրոպական յանձնաժողովը կը յանձնարարէ այժմ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւններու սկսիլ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ...

Պոլթըն. «Գրեթէ Հաստատ Է, Թէ Իրան Կը Կանգնի  Ֆուժէյրայի Մէջ Քարիւղատար  Նաւերուն Դէմ Յարձակումին Ետին»

Պոլթըն. «Գրեթէ Հաստատ Է, Թէ Իրան Կը Կանգնի Ֆուժէյրայի Մէջ Քարիւղատար Նաւերուն Դէմ Յարձակումին Ետին»

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ յայտարարեց, որ «գրեթէ հաստատ է», թէ Իրան կը կանգնի 12 մայիսին էմիրաթական ծովափին մօտ քարիւղատար չորս նաւերուն դէմ յարձակումին ետին: «Չորս նաւերուն դէմ յարձակումը գործուեցաւ ծովային ականներու միջոցով, որոնք գրեթէ հաստատ է, թէ Իրանի կողմէ զետեղուած են», նշեց Պոլթըն: Պոլթըն Ապու Տապի հասնելէ առաջ «Թուիթըր»-ի...

Page 528 of 884 1 … 527 528 529 … 884

Արխիւներ