Թուրքիան կ՛աւելցնէ Սուրիոյ բանակին դէմ պայքարող սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն սպառազինութեան մատակարարումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»` վկայակոչելով իր աղբիւրները:
Թրքական իշխանութիւնները նման որոշում տուած են Իտլիպի մէջ ապստամբներու դէմ յարձակումները դադրեցնելու առնչութեամբ Ռուսիան համոզելու քանի մը անյաջող փորձերէ ետք:
Լրատու գործակալութեան աղբիւրները կը բացատրեն, թէ այս շրջանին մէջ հակամարտութեան սրման պատճառով կը մեծնայ գաղթականներու հոսքը` դէպի Թուրքիա: Անցեալ տարուան սեպտեմբերին Ռուսիան եւ Թուրքիան Իտլիպի մէջ ապազինուած գօտի ստեղծելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած էին:
Կը նշուի, որ Անգարա արդէն տասնեակ մը զրահապատ մեքենաներ, «Կրատ» տիպի համակարգեր, հակահրասայլային կառավարուող հրթիռներ եւ հակահրասայլային հրթիռային համակարգեր մատակարարած է թրքամէտ ուժերուն, որոնք այդ սպառազինութեան շնորհիւ գրաւած էին Քաֆառնապուտան, որ ազատագրուած էր Սուրիոյ բանակին կողմէ:
Սուրիոյ բանակը, սակայն, երէկ առտուընէ սկսած բուռն բախումներէ ետք, վերատիրացաւ Համայի գիւղական շրջանին մէջ ռազմավարական դիրք ունեցող այդ գիւղին եւ այսպիսով իրարու կապեց Համայի հիւսիսային ու արեւմտեան գիւղական շրջանները: