Ուաշինկթըն Անգարային Երկու Շաբաթ Տուած Է` «Էս-400»-ներու Մատակարարման Գործարքը Ջնջելու
Ուաշինկթըն Անգարային երկու շաբաթ ժամանակ տուած է ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերումէն հրաժարելու: Ամերիկեան «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին այս մասին փոխանցած են քաջատեղեակ աղբիւրներ: Ըստ տեղեկութեան, Թուրքիան երկու շաբթուան ընթացքին` «յունիսի առաջին շաբթուան աւարտին», պէտք է չեղեալ յայտարարէ Ռուսիոյ հետ միլիառաւոր տոլարներ արժող գործարքը եւ գնէ ամերիկեան հակաօդային պաշտպանութեան «Փաթրիոթ» համակարգեր: Աղբիւրները կը նշեն, որ եթէ Անգարան Ուաշինկթընի պայմաններուն չհամաձայնի,...




















