Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիոյ «Էս-400»-ներու Մատակարարումները Նախատեսուած Ժամկէտէն Արագ Կ՛ընթանան» Կ՛ըսէ Փեսքով

May 30, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ «Էս-400» համակարգերու մատակարարումները` թրքական կողմին խնդրանքով, նախատեսուած ժամկէտէն արագ կ՛ընթանան: «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Ամէն ինչ ըստ ծրագրուածին է: Որեւէ ուշացում չկայ, ամէն բան բնական է», աւելցուցած է ան:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու արտադրութեան ծրագիրին մէջ Թուրքիոյ դերին վերաբերեալ տեղեկութիւն ունեցող երկու աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Ուաշինկթըն լրջօրէն մտադիր է առկախել «Էֆ-35»-երու ծրագիրի ծիրին մէջ թուրք օդաչուներու կրթութիւնը:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարած է, թէ Անգարա Ուաշինկթընէն ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման վերաբերեալ վերջնագիր չէ ստացած:

Նախապէս լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, թէ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ ներկայացուցած են վերջնագիր. Ուաշինկթըն Անգարային սպառնացած է, թէ եթէ վերջինս չհրաժարի «Էս-400» համակարգերու գնումի գործարքէն, Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան դուրս պիտի ձգեն ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու նախագիծէն:

«Մենք կը գործենք մեր պարտականութիւններուն ծիրին մէջ: Թուրքիան Միացեալ Նահանգներուն ամբողջութեամբ վճարած է «Էֆ-35» հալածիչներու մատակարարման դիմաց: Անոնք արդէն Թուրքիոյ մէջ են, եւ օդաչուները վերապատրաստման դասեր կ՛առնեն», ըսած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Աքար իր ամերիկացի պաշտօնակից Փաթրիք Շանահանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է անվտանգութեան վերաբերող հարցեր եւ թուրք-ամերիկեան գործակցութեան կարելիութիւնները:

 

Նախորդը

Հաֆթար Գահիրէին Յանձնեց Եգիպտացի Ղեկավար Ահաբեկիչ Մը

Յաջորդը

Պոլթըն. «Գրեթէ Հաստատ Է, Թէ Իրան Կը Կանգնի Ֆուժէյրայի Մէջ Քարիւղատար Նաւերուն Դէմ Յարձակումին Ետին»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.