Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Պրայըն Հուք յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի պատժեն որեւէ երկիր, որ Իրանէն քարիւղ կը գնէ այդ գծով պայմանաժամէն` 2 մայիսէն ետք:
Ան շեշտեց, որ Ուաշինկթըն պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ, «նոյնիսկ եթէ երկիր մը չյարգէ ներածման բարձրագոյն քանակը, որուն շուրջ բանակցած է»:
«Մեր քաղաքականութիւնը հաստատ է` ամբողջովին դադրեցնել իրանեան քարիւղի գնումը, եւ վերջ», ընդգծեց Հուք:
Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, թէ Չինաստանի եւ Հնդկաստանի նման երկիրներ, որոնք նոյեմբերին իրանեան քարիւղի ներածման յատուկ արտօնութիւն ստացած են, կրնան 2 մայիսէն ետք ներածել այն առաւելագոյն քանակը, որուն շուրջ բանակցած են: