Թուրքիան մտադիր է ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը տեղակայել երկրի հարաւային ափերուն մօտ, ուր կը կատարուին ուժանիւթային աղբիւրներու որոնողական աշխատանքները: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպերկ»` նշելով, որ այս տեղեկութիւնները հաղորդած են այդ քննարկումներէն տեղեակ 4 անձեր:
«Էս-400»-ներու առաջին քանակի մատակարարումը կը նախատեսուի մօտակայ շաբաթներուն ընթացքին: Ի դէպ, Էրտողանն ու Թրամփը մօտ օրէն տեղի ունենալիք Քսաններու խմբակի վեհաժողովին մէջ պիտի քննարկեն համակարգի գնման հարցը:
Թուրքիան որոնողական աշխատանքներուն սկսած էր 4 մայիսէն, ինչ որ հակազդեցութիւն յառաջացուց Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Յունաստանի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ այլ պետութիւններու կողմէ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, թէ այդ համակարգերը պիտի տեղակայուին Անգարայի եւ Պոլսոյ մօտ, Ինճիրլիքի ռազմակայանին մէջ կամ այլ` տակաւին չորոշուած տարածքի մէջ: Այդ տարածքը կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ կառուցուող առաջին հիւլէական կայանին մօտ` Աքքույուի մէջ: