Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլթըն. «Գրեթէ Հաստատ Է, Թէ Իրան Կը Կանգնի Ֆուժէյրայի Մէջ Քարիւղատար Նաւերուն Դէմ Յարձակումին Ետին»

May 30, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ յայտարարեց, որ «գրեթէ հաստատ է», թէ Իրան կը կանգնի 12 մայիսին էմիրաթական ծովափին մօտ քարիւղատար չորս նաւերուն դէմ յարձակումին ետին:

«Չորս նաւերուն դէմ յարձակումը գործուեցաւ ծովային ականներու միջոցով, որոնք գրեթէ հաստատ է, թէ Իրանի կողմէ զետեղուած են», նշեց Պոլթըն:

Պոլթըն Ապու Տապի հասնելէ առաջ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, թէ անհամբեր կը սպասէ էմիրաթցի դաշնակիցներու հետ քննարկելու շրջանային անվտանգութեան վերաբերող կարեւոր եւ այժմէական հարցեր:

Ասիկա Պոլթընի շրջան կատարած առաջին այցելութիւնն է:

Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական, Դարու գործարքի հարցով պատասխանատու Ճարետ Քուշներ այս շաբաթ շրջանի յատուկ պատուիրակ Ճէյսըն Կրինպլաթի եւ Իրանի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Պրայըն Հուքի ընկերակցութեամբ պիտի ձեռնարկէ շրջանային շրջապտոյտի մը, որ կը ներառէ Ռապաթը, Ամմանն ու Երուսաղէմը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հերքեց քարիւղատար նաւերուն դէմ իրանեան ականներու օգտագործման վերաբերեալ Պոլթընի յայտարարութիւնը:

Նշենք, թէ կը նախատեսուի, որ Ուաշինկթըն 25 եւ 26 յունիսին Պահրէյնի մէջ հրապարակէ պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան իր ծրագիրին` Դարու գործարքի տնտեսական բաժինը:

Նախորդը

«Թուրքիոյ «Էս-400»-ներու Մատակարարումները Նախատեսուած Ժամկէտէն Արագ Կ՛ընթանան» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

Կաթուզօ Հեռացաւ Ա. Սէ. Միլանէն

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.