Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆարուք Քայմաքճը դժգոհութիւն յայտնած է Եւրոպական յանձնաժողովի` Թուրքիոյ ուղղուած քննադատութիւններ բովանդակող 2019-ի ընդլայնման թղթածրարին վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը:
«Անկարելի է, որ ընդունինք զեկուցում մը, որուն մէջ տեղ գտած են անօրէն եւ անհամաչափ քննադատութիւններ: Թուրքիան անդամակցութեան պայմանները կատարելու համար պէտք է կարենայ անդամ ըլլալ: Զեկուցումին մէջ չմտածուած արտայայտութիւններ կան Թուրքիոյ` եւրոպական արժէքներէն հեռանալու վերաբերեալ: Թուրքիան առողջ դիրքի վրայ է: Թուրքիան Եւրոպայի մաս է: Թուրքիան Եւրոպա է», ըսած է Քայմաքճը: