Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Վեհաժողովը Կը Քննադատէ Իրանը, Իրաք Կը Մերժէ Վեհաժողովի Հաղորդագրութիւնը

Յունիս 1, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաք մերժեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ գումարուած արաբական վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը` յայտարարելով, որ ինք չէ մասնակցած ատոր բանաձեւման:

Հաղորդագրութիւնը քննադատեց հուսիներուն քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով Սէուտական Արաբիոյ Ռիատի շրջանի Տաուամի եւ Աֆիֆ նահանգներուն մէջ քարիւղի մղման երկու կեդրոններուն դէմ կատարուած յարձակումը` զայն նկատելով շրջանային անվտանգութիւնը եւ միջազգային տնտեսութիւնը վտանգող «ահաբեկչական» արարք: Վեհաժողովը զօրակցութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ` ընդդէմ ահաբեկչական սպառնալիքներուն եւ վերջիններուս դէմ որդեգրուած սէուտական քայլերուն:

Մեքքայի մէջ գումարուած արաբական արտակարգ վեհաժողովը նաեւ դատապարտեց հուսիներուն կողմէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ արձակումը 225 թեւաւոր հրթիռներով, որոնք թիրախ դարձուցած են նաեւ Մեքքան: Դատապարտուեցաւ նաեւ հուսիներու կողմէ աւելի քան 155 անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումները, ներառեալ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու շրջանային ջուրերուն մէջ քարիւղատար նաւերուն դէմ յարձակումը: Այս առումով վեհաժողովը նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն:

Վեհաժողովը շեշտեց, որ Իրան պէտք է յանձնառու մնայ ՄԱԿ-ի ուխտին վրայ հիմնուած հիմնարար սկզբունքներուն, չմիջամտէ երկիրներուն ներքին գործերուն, ուժ կամ ուժի կիրարկման սպառնալիք չկիրարկէ, դադրեցնէ միլիսներու եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու ֆինանսաւորումը եւ համայնքային ու յարանուանական տագնապները չհրահրէ:

Վեհաժողովը Իրանին կոչ ուղղեց` հեռանալու թշնամական արարքներէն եւ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը քայքայելէն: Վեհաժողովը միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` տէր կանգնելու միջազգային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանելու իր պարտաւորութեան եւ իրանեան վարչակարգին նկատմամբ խիստ, աւելի ազդու եւ լուրջ քայլեր որդեգրելու, որպէսզի Իրան հիւլէական ռումբ ձեռք չբերէ, ինչպէս նաեւ աւելի խիստ սահմանափակումներու ենթարկելու Իրանի թեւաւոր հրթիռներու ծրագիրը:

Մեքքայի վեհաժողովը Իրանին կոչ ուղղեց` ծովային անցքերուն ու միջազգային նաւարկութեան սպառնալը դադրեցնելու, ինչպէս նաեւ ողջունեց Միացեալ Նահանգներու հետ համակարգումի եւ խորհրդակցութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ ռազմավարական գործընկերութեան ծիրին մէջ ծոց-ամերիկեան գործակցութեան ամրապնդումը:

Վեհաժողովը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Իրանի նկատմամբ ամերիկեան ռազմավարութեան, մասնաւորաբար Հըզպալլայի, Յեղափոխական պահակագունդի, հուսիներու «եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներուն թշնամական գործունէութեան դէմ պայքարին մէջ»:

Վեհաժողովը քննադատեց Պահրէյնի մէջ Իրանի միջամտութիւնը եւ էմիրաթական երեք կղզիներու բռնագրաւումը: Մեքքայի վեհաժողովը նաեւ քննադատեց «սուրիական տագնապին մէջ իրանեան միջամտութիւնն ու Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան վրայ ատոր ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ իր կառչածութիւնը յայտնեց Պաղեստինեան դատին վերաբերեալ Արաբական նախկին վեհաժողովի որոշումներուն»:

Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհ յայտնեց, որ Արաբական ծոցի անվտանգութիւնը Իրաքի անվտանգութիւնն է` ընդգծելով, որ Իրան Իրաքի եւ արաբներուն դրացի երկիր է, եւ անոր անվտանգութիւնը պէտք չէ վտանգուի:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս իր կարգին յայտնեց, որ Պաղեստին պիտի չմասնակցի Պահրէյնի մէջ նախատեսուած վեհաժողովին` նշելով. «Պաղեստինցիները կը մերժեն «խաղաղութեան դիմաց հող» սկզբունքը «խաղաղութեան դիմաց բարգաւաճում» սկզբունքով փոխարինել»:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի ըսաւ, թէ շրջանին մէջ չկայ լուծում առանց Պաղեստինեան դատի լուծման` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ կայունութիւն պիտի չհաստատուի, եթէ 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան անկախ պետութիւն չհաստատուի: Ան դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ կատարուած յարձակումները:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց արաբական վեհաժողովի` Իրանի հասցէին կատարած ամբաստանութիւնները` նշելով, որ Սէուտական Արաբիան Ռամատանն ու Մեքքան կ՛օգտագործէ իբրեւ Իրանի դէմ քաղաքական զէնք:

 

Նախորդը

Փոմփէօ. «Ծոցի Մէջ Քարիւղատար Նաւերուն Դէմ Յարձակումներուն Պատասխանատուն Իրանն Է»

Յաջորդը

ԱՊՀ-ի Անդամ Երկիրներու Ղեկավարները Պիտի Հանդիպին 11 Հոկտեմբերին

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?