Միջազգային

Քիմ Եոնկ Ըն Հանրութեան Ներկայացած Է  Թրամփի Հետ Բանակցութիւններու Ձախողման Համար  «Մահապատիժի Ենթարկուած» Դիւանագէտի Մը Հետ

Քիմ Եոնկ Ըն Հանրութեան Ներկայացած Է Թրամփի Հետ Բանակցութիւններու Ձախողման Համար «Մահապատիժի Ենթարկուած» Դիւանագէտի Մը Հետ

Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական ծրագիրին հարցով Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն պատասխանատու հիւսիսային քորէացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն մէկը, որ, հարաւային քորէական եւ արեւմտեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, «մահապատիժի ենթարկուած էր» փետրուարին Վիեթնամի մայրաքաղաք Հանոյի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ բանակցութիւններուն ձախողելուն պատճառով, տեսնուած է նոր առնուած լուսանկարի մը մէջ: Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ խօսքը Քիմ Եոն Չհոլի մասին է, որ...

Լիթուանիան Խրիմի Թաթարներուն  Տեղահանութիւնը Իբրեւ  Ցեղասպանութիւն Ճանչցած Է

Լիթուանիան Խրիմի Թաթարներուն Տեղահանութիւնը Իբրեւ Ցեղասպանութիւն Ճանչցած Է

Լիթուանիոյ խորհրդարանը 1944-ին Խրիմի թաթարներու տեղահանութիւնը ճանչցած է իբրեւ Խորհրդային Միութեան իշխանութիւններուն կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ուրբաթ, 6 յունիսին այս մասին խորհրդարանը որդեգրած է արձանագրութիւն եւ աշխարհը յորդորած է «համերաշխութիւն յայտնելու Խրիմի թաթարներուն եւ շարունակելու ապօրինաբար բռնագրաւուած Խրիմը իբրեւ Ռուսիոյ մաս չճանչնալու քաղաքականութիւնը»: Արձանագրութիւնը ընդունուած է 77 թեր, 1 ձեռնպահ քուէներու յարաբերակցութեամբ: Անցեալ ամսուան ընթացքին...

Արժանթին Եւ Պրազիլ Կրնան  Միասնական Դրամանիշ Ստեղծել

Արժանթին Եւ Պրազիլ Կրնան Միասնական Դրամանիշ Ստեղծել

Արժանթինն ու Պրազիլը կը սերտեն միասնական դրամանիշ ստեղծելու կարելիութիւնները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ պրազիլական «Կլոպօ» օրաթերթը: Օրաթերթի տեղեկատուութեան համաձայն, Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուն եւ երկրի տնտեսութեան նախարար Փաուլու Կետեսը Արժանթինի մայրաքաղաք Պուենոս Այրես այցելութեան ընթացքին համապատասխան ծրագիրները արծարծած են Արժանթինի գործարար շրջանակներու հետ: Օրաթերթը, վկայակոչելով գործարարական շրջանակներէ աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ այդպիսի տնտեսական նախագիծ...

Չինաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու  Ղեկավարները Հանդիպում Պիտի Ունենան  Քսաններու Վեհաժողովի Ընթացքին

Չինաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Ղեկավարները Հանդիպում Պիտի Ունենան Քսաններու Վեհաժողովի Ընթացքին

Չինաստանի նախագահ Սի Ցզինփին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկկողմանի հանդիպում պիտի ունենան Քսաններու վեհաժողովի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Օսաքայի մէջ, 28-29 յունիսին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ չինական «Սաութ Չայնա Մոռնինկ Փոսթ» օրաթերթը` վկայակոչելով կառավարական ազդեցիկ փորձագէտ, Չինաստանի Ժողովրդային դրամատան (կեդրոնական դրամատուն) նախկին նախագահ Տայ Սիանլուն: «Չինաստանի ժողովրդային հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու...

«Հիւլէական Գործարքի Կողմերը Պէտք Է  Կարգաւորեն Իրանի Հետ Տնտեսական  Յարաբերութիւնները»  Կ՛ըսէ Զարիֆ

«Հիւլէական Գործարքի Կողմերը Պէտք Է Կարգաւորեն Իրանի Հետ Տնտեսական Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Եւրոպան եւ Հիւլէական համապարփակ համաձայնագիրի կողմերը պարտաւոր են կարգաւորել Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները: «Ալիք» կը հաղորդէ, որ երէկ «Ալամէ Հելի» պետական դպրոցին մէջ կայացած «Առաքելութիւնս» ծրագիրի ծիրին մէջ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ժաւատ Զարիֆին` ընդգծելով, որ Հիւլէական գործարքի կողմերը պէտք է պատասխանեն այն հարցումին, թէ` մինչեւ հիմա այդ հարցը որքանո՞վ լուծուած...

Հիւսիսարեւմտեան Սուրիոյ Մէջ  Յարձակում`  Թրքական Ռազմակայանի Մը Դէմ

Հիւսիսարեւմտեան Սուրիոյ Մէջ Յարձակում` Թրքական Ռազմակայանի Մը Դէմ

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ Թել Ռիֆաաթ գտնուող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները յարձակում գործած են Աֆրինի «Ձիթենիի ճիւղ» շրջանին մէջ գտնուող թրքական բանակի ռազմակայանի մը դէմ. իբրեւ հետեւանք սպաննուած է թուրք զինուոր մը եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած: Թրքական բանակը հրետանիով հակադարձած է ջոկատներու դիրքերուն: Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայ յայտնեց. «Թուրք եւ ռուս պաշտօնատարներ կը քննարկեն սուրիական սահմանային Թել...

Թուրք-Ազրպէյճանական Միացեալ  Ռազմափորձեր Նախիջեւանի Մէջ

Թուրք-Ազրպէյճանական Միացեալ Ռազմափորձեր Նախիջեւանի Մէջ

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը 8 յունիսին միացեալ ռազմափորձերու սկսած են Նախիջեւանի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան փոխանցմամբ, «Անսասան եղբայրութիւն 2019» ռազմափորձին կը մասնակցին 5000 զինուորներ, շուրջ 200 հրասայլ եւ հետեւակի զրահապատ մեքենայ, 180 հրթիռ եւ թնդանօթ, 21 օդանաւ եւ ուղղաթիռ, ինչպէս նաեւ այլ զինատեսակներ: Պարբերաբար տեղի ունեցող ռազմափորձերուն նպատակն է երկու երկիրներու զինեալ ուժերու...

Ռուհանի. «Իրան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու  Ընդլայնումը Կարեւոր Է Շրջանային Կայունութեան  Եւ Անվտանգութեան Ամրապնդման Համար»

Ռուհանի. «Իրան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Ընդլայնումը Կարեւոր Է Շրջանային Կայունութեան Եւ Անվտանգութեան Ամրապնդման Համար»

Իբրեւ իսլամական աշխարհի երկու հզօր եւ ազդեցիկ պետութիւններ, Իրանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ընդլայնումը եւ համագործակցութիւնը կարեւոր է շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման համար: «Ալիք» կը հաղորդէ, որ այս մասին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին ըսած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին: Երկու երկիրներուն նախագահները զրոյցին ընթացքին բարձր գնահատած են տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան ընթացքը`...

Պաղեստինցիք Եւ Իսրայէլեան Ընդդիմութիւնը  Բուռն Կերպով Կը Քննադատեն Իսրայէլի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Յայտարարութիւնը

Պաղեստինցիք Եւ Իսրայէլեան Ընդդիմութիւնը Բուռն Կերպով Կը Քննադատեն Իսրայէլի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Յայտարարութիւնը

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմըն շաբաթ օր «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի մէջ հրապարակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանելով  Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան բնակեցման վայրերը Իսրայէլին կցելու մասին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի յայտարարութիւնը, յայտնեց. «Որոշ պայմաններու մէջ... Իսրայէլ իրաւունք ունի որոշ տարածքներ, սակայն հաւանաբար ոչ ամբողջ Այսրյորդանանը պահելու»: «Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ պաղեստինցի կարգ մը պաշտօնատարներ բուռն կերպով դատապարտած են դեսպանին խօսքերը:...

Ըստ Լրատուամիջոցներու.  Ուաշինկթըն Եւ Թել Աւիւ Մտադիր Են  Սուրիոյ Հարցով Առաջարկ Ընել Մոսկուային

Ըստ Լրատուամիջոցներու. Ուաշինկթըն Եւ Թել Աւիւ Մտադիր Են Սուրիոյ Հարցով Առաջարկ Ընել Մոսկուային

Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ մտադիր են Երուսաղէմի մէջ տեղի ունենալիք եռակողմ հանդիպումի ժամանակ Ռուսիոյ սուրիական տագնապի լուծման հարցով ներկայացնել առաջարկ մը, որ կ՛ենթադրէ Մոսկուայի աջակցութիւնը վայելող Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի օրինական իշխանութեան ճանաչում, սուրիական իշխանութիւններու դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջում, որուն դիմաց Ռուսիան պէտք է զսպէ Սուրիոյ մէջ Իրանի ազդեցութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը գրէ արաբական «Շարք...

Ուաշինկթըն Որոշած Է Դադրեցնել Թուրք  Օդաչուներու Ընդունումը «Էֆ-35»-ով  Թռիչքներու Ուսուցման Համար

Ուաշինկթըն Որոշած Է Դադրեցնել Թուրք Օդաչուներու Ընդունումը «Էֆ-35»-ով Թռիչքներու Ուսուցման Համար

Միացեալ Նահանգներ որոշած են դադրեցնել Թուրքիայէն զինուորական օդաչուներու ընդունումը ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչ-ռմբաձիգներով թռիչքներու ուսուցման ծրագիրի համար, որովհետեւ Անգարա որոշած է Ռուսիայէն ձեռք բերել «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով աղբիւրներ: Աղբիւրներուն տուեալներով` որդեգրուած որոշումը չի վերաբերիր արդէն Միացեալ Նահանգներ գտնուող օդաչուներուն, այլ միայն անոնց, որոնք կը ծրագրէին ուսուցումին մասնակցիլ Արիզոնայի նահանգի Լուք ռազմակայանին մէջ:...

«Իրան Արաբական Ծոցին Մէջ Ամերիկեան Ուժերուն Դէմ  Յարձակելու Մտադրութենէն Ետ Կանգնած Է»  Կ՛ըսէ Զօր. Մըքքենզի

«Իրան Արաբական Ծոցին Մէջ Ամերիկեան Ուժերուն Դէմ Յարձակելու Մտադրութենէն Ետ Կանգնած Է» Կ՛ըսէ Զօր. Մըքքենզի

Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար զօր. Ֆրանք ՄըքՔենզի յայտարարած է, թէ Թեհրան ակներեւօրէն ետ կանգնած է Արաբական ծոցին մէջ ամերիկեան ուժերուն դէմ յարձակելու մտադրութենէն, սակայն հետագայ յարձակումի հաւանականութիւնը կը շարունակէ մնալ բաւական իրատեսական: ՄըքՔենզի չէ բացառած, որ կրնայ շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերու յաւելում խնդրել` զսպելու համար Իրանէն բխող սպառնալիքները:

Ըստ Բրիտանական Օրաթերթերու.  Սէուտական Արաբիան Չինաստանի Օժանդակութեամբ  Թեւաւոր Հրթիռներու Ծրագիր Մը Զարգացուցած Է

Ըստ Բրիտանական Օրաթերթերու. Սէուտական Արաբիան Չինաստանի Օժանդակութեամբ Թեւաւոր Հրթիռներու Ծրագիր Մը Զարգացուցած Է

Բրիտանական «Թայմզ» եւ «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթերը հաղորդեցին, որ Սէուտական Արաբիան Չինաստանի օժանդակութեամբ թեւաւոր հրթիռներու «գաղտնի» ծրագիր մը զարգացուցած է: «Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամներ ամերիկեան վարչակարգէն պահանջած են բացայայտել այդ հարցին վերաբերող տեղեկութիւնները, եւ յայտնաբերած են, թէ սէուտական հրթիռային ծրագիրը նախապէս նախատեսուածէն աւելի զարգացած է: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը մերժած է հերքել ամերիկեան լրատուամիջոցներուն հրապարակած...

Թրամփ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը  Նկատած Է Իր «Մեծագոյն Երկրպագուն»

Թրամփ ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Նկատած Է Իր «Մեծագոյն Երկրպագուն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը իր երկրպագուն նկատած է: Այս մասին Թրամփ յայտարարած է 6 յունիսին «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած հարցազրոյցին մէջ: Անկէ խնդրած են մեկնաբանել կարծիքը այն քննադատներուն, որոնք երկու տարի առաջ Միացեալ Նահանգներու համար ամէնէն կարճ ժամկէտին ՕԹԱՆ-ի անդամ բոլոր երկիրներէն մեկուսացում կը գուշակէին պաշտպանական ծախսերը համախառն ներքին արդիւնքի մինչեւ 2 առ...

Թրամփ Եւ Մաքրոն Կ՛ուզեն Շրջանին Մէջ  Իրանի Ազդեցութիւնը Նուազեցնել

Թրամփ Եւ Մաքրոն Կ՛ուզեն Շրջանին Մէջ Իրանի Ազդեցութիւնը Նուազեցնել

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հոյակապ գործընկերութիւն գոյութիւն ունի: Ան այն կարծիքը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն եւ Փարիզ յաջողեցան միասնաբար աշխատիլ թէ՛ ՏԱՀԵՇ-ի դիմակայման, թէ՛ այլ հարցերու մէջ: Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց. «Իրան ահաբեկչական պետութիւն է, եւ անոր դէմ հաստատուած տնտեսական պատժամիջոցները խիստ էին...

Նորմանտիի Մէջ Նշուեցաւ  Ցամաքահանման Օրուան 75-ամեակը

Նորմանտիի Մէջ Նշուեցաւ Ցամաքահանման Օրուան 75-ամեակը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ յարգանքի տուրք մատուցեցին Ֆրանսայի Նորմանտի շրջանին մէջ ցամաքահանումին յաջորդած արիւնալի մարտերու ընթացքին զոհուած դաշնակից ուժերու զինուորներու յիշատակին: 6 յունիս 1944-ին դաշնակից ուժերու ստորաբաժանումները ցամաքահանումի լայնածաւալ գործողութեամբ հասան Ֆրանսայի հիւսիս արեւելեան շրջանի` Նորմանտիի ափ, ուր գերմանական բանակին հետ ունեցան ծանր մարտեր: Հազարաւոր զոհերու գնով դաշնակից ուժերը...

«Յունաստան Եւրոյի Գօտիի Անդամ Դարձած Է  Վիճակագրութեան Կեղծումով»  Կ՛ըսէ Եունքեր

«Յունաստան Եւրոյի Գօտիի Անդամ Դարձած Է Վիճակագրութեան Կեղծումով» Կ՛ըսէ Եունքեր

Յունաստան ժամանակին «Եւրոսթաթ»-ին սխալ տուեալներ ներկայացուցած է իր տնտեսական ցուցանիշներուն վերաբերեալ, ինչ որ 2001 թուականին իր առջեւ բացած է Եւրոյի գօտիի ուղին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ժան Քլոտ Եունքեր` գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Դրամական միութիւնը պէտք է ամուսնութենէն աւելի յուսալի ըլլայ, այլապէս ոչ ոք պիտի հաւաայ անոր: Ճիշդ այդ...

Թայֆուրի Օդակայանին Դէմ  Իսրայէլեան Յարձակում

Թայֆուրի Օդակայանին Դէմ Իսրայէլեան Յարձակում

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը յայտարարեց, թէ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են իսրայէլեան նոր յարձակումի մը, որուն թիրախը Հոմսի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թայֆուրի օդակայանն էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Զինուորական աղբիւրը նշեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վնասազերծած են օդակայանին դէմ արձակուած հրթիռներէն երկուքը: Յարձակումին պատճառով սուրիացի զինուոր մը զոհուած է եւ 2...

Մեքքայի Վեհաժողովներու  Հաղորդագրութիւններուն  Վերապահութիւն Յայտնելուն Պատճառով.  Ռիատ Տոհան Կ՛ամբաստանէ Ճշմարտութիւնները  Խեղաթիւրելու Յանցանքով

Մեքքայի Վեհաժողովներու Հաղորդագրութիւններուն Վերապահութիւն Յայտնելուն Պատճառով. Ռիատ Տոհան Կ՛ամբաստանէ Ճշմարտութիւնները Խեղաթիւրելու Յանցանքով

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտնեց, որ բոլորը այլեւս կը գիտակցին, թէ Քաթարի կողմէ ճշմարտութեան խեղաթիւրումը զարմանալի չէ: Ան յայտնեց, որ Քաթար վերապահութիւն յայտնած է շրջանի երկիրներու ներքին հարցերուն իրանեան միջամտութիւնները մերժող արաբական եւ Ծոցի շրջանի վեհաժողովներէն բխած հաղորդագրութիւններուն նկատմամբ` նշելով, որ Արաբական վեհաժողովի հաղորդագրութիւնը հաստատեց Պաղեստինեան դատին, 1967-ի սահմաններով ու Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պաղեստինեան պետութեան հաստատման կեդրոնական...

Ալիեւ-Փութին Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Ալիեւ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր ազրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան եւ երկկողմանի հաղորդակցութիւններուն առնչուող հարցեր: «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: «Քննարկուած են աշխուժ զարգացող ռուս-ազրպէյճանական համագործակցութեան եւ տարբեր մակարդակներու վրայ սպասուող հաղորդակցութիւններուն վերաբերող հարցեր», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Կը նշուի նաեւ, թէ հեռաձայնային...

Page 527 of 884 1 … 526 527 528 … 884

Արխիւներ