Իրանի Մէջ Ձերբակալուած Են «Սի.Այ.Էյ.»-ի Հաշուոյն Լրտեսութիւն Կատարող 17 Անձեր
Իրանի մէջ ձերբակալուած են Միացեալ Նահանգներու հաշուոյն լրտեսութիւն կատարող 17 անձեր: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի Անվտանգութեան նախարարութեան հակահետախուզութեան վարչութեան պետը: «18 յունիսին, նախարարութեան հակահետախուզութեան վարչութեան աշխատակիցները յայտնաբերած եւ ոչնչացուցած են լրտեսական ցանց մը, որ կապուած էր «Սի.Այ.Էյ.»-ին», յայտնած է պաշտօնատարը: Ըստ անոր, յայտնաբերուած լրտեսները կ՛աշխատէին երկրին համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող` տնտեսական,...




















