Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաբաթ Օր Չաւուշօղլու-Փոմփէօ Հեռաձայնային Հաղորդակցութենէն Ետք. Այսօր Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիի Մը Ստեղծման Շուրջ Թուրք-Ամերիկեան Բանակցութիւններ

July 22, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրք եւ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտներ ու զինուորական պաշտօնատարներ այսօր Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան` շարունակելու համար Թուրքիա-Սուրիա սահմանի երկայնքին ապահով գօտիի մը ստեղծման շուրջ բանակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ»:

Ամերիկեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի, իսկ թրքական պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալ:

Սուրիոյ հարցով թուրք-ամերիկեան աշխատանքային խմբակը կազմուած էր 2018-ի սկիզբը, անիկա Սուրիոյ վերաբերող հարցերու քննարկման համար գումարած է շարք մը ժողովներ:

Թրքական լրատու աղբիւրը կը նշէ, որ այսօրուան ժողովին ընթացքին առաջնահերթութիւն պիտի տրուի հիւսիս- արեւելեան Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիի մը ստեղծման` թրքական սահմանը պաշտպանելու համար քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներէն:

Երկու կողմերը այդ գօտիին շուրջ իրենց տեսակէտներն ու առաջարկները փոխանակած էին մայիսին:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր ամերիկացի պաշտօնակից Մայք Փոմփէոյի հետ: Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան կը յայտնեն, որ անոնք քննարկած են ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրն ու ռուսական «Էս-400» օդային պաշտպանութեան համակարգերու տրամադրման վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապը, մասնաւորաբար Մանպիժի, Իտլիպի եւ ապահով գօտիի հարցերը:

 

Նախորդը

Էրտողան Դարձեալ Կիպրոս Ներխուժելու Պատրաստակամութեան Մասին Կը Յայտարարէ

Յաջորդը

Բրիտանական Նաւ Մը Արգելանքի Տակ Առնելուն Համար Բրիտանիա Կը Սերտէ Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատելու Կարելիութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ
Միջազգային

Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.