Իրանի մէջ ձերբակալուած են Միացեալ Նահանգներու հաշուոյն լրտեսութիւն կատարող 17 անձեր: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի Անվտանգութեան նախարարութեան հակահետախուզութեան վարչութեան պետը:
«18 յունիսին, նախարարութեան հակահետախուզութեան վարչութեան աշխատակիցները յայտնաբերած եւ ոչնչացուցած են լրտեսական ցանց մը, որ կապուած էր «Սի.Այ.Էյ.»-ին», յայտնած է պաշտօնատարը:
Ըստ անոր, յայտնաբերուած լրտեսները կ՛աշխատէին երկրին համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող` տնտեսական, հիւլէական, զինուորական, ենթակառուցային եւ համացանցային կեդրոններուն մէջ եւ անոնց հետ իբրեւ կապալառու կամ խորհրդատու համագործակցող սեփական մարզի մէջ:
«Յայտնաբերուած լրտեսներուն թիւը 17 է: Անոնք իրարու հետ կապ չեն ունեցած, աշխատած են իբրեւ առանձին գործակալներ եւ անմիջական կապի մէջ եղած «Սի.Այ.Էյ.»-ի սպաներու հետ», յայտնած է Իրանի Անվտանգութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարը:
Ան աւելցուցած է, որ դատարանը արդէն վճիռ արձակած է ձերբակալուած բոլոր անձերուն գործով, եւ անոնցմէ ոմանք շուտով պիտի ենթարկուին մահապատիժի:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Սի.Այ.Էյ.»-ի լրտեսներ ձերբակալելու մասին Իրանի յայտարարութիւնը կատարելապէս սխալ է»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ իր կարգին հերքեց այդ տեղեկութիւնը` նշելով. «Իրանեան վարչակարգը սուտերու հրապարակման բազմաթիւ նախադէպեր ունի»:



